Ս. Սարգիսի Տօնակատարութիւն
Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» մասնաճիւղի վարչութեան, հինգշաբթի, 20 փետրուար 2014-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» ակումբի «Սարգիս Ազնաւուրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Սարգիսի տօնին նուիրուած ձեռնարկ, ներկայութեամբ մասնաճիւղի մօտ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչին, ինչպէս նաեւ ԼՕԽ-ականներու եւ այլ հիւրերու:
Լիբանանի եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի ատենապետ Պերճուհի Գասպարեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն` շնորհակալութիւն յայտնելով իրենց մասնակցութեան համար: Ան նաեւ շնորհակալական խօսք ուղղեց օրուան հիւր երգիչ Յարութ Լափաճեանին, որ սիրայօժար ընդառաջած էր հրաւէրին եւ եկած էր ճոխացնելու ձեռնարկը: Ապա Պ. Գասպարեան հրաւիրեց օրուան դասախօս տոքթ. Սիրուն Վարդապետեանը` ներկայացնելու թմրեցուցիչի գործածութեան առնչուած նիւթը:
Սիրուն Վարդապետեան իր խօսքի սկիզբը նկատել տուաւ, որ ԼՕԽ-ը իր բազմազան առաքելութիւններու կողքին, կը կազմակերպէ նաեւ շինիչ եւ օգտակար դասախօսութիւններ: Ան բարձր գնահատեց ԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» մասնաճիւղի, ինչպէս նաեւ 26 այլ մասնաճիւղերու աշխատանքն ու գործունէութիւնը, որոնք մեր հայկական աւանդութիւնները նաեւ եկեղեցական ու ազգային տօները կը փորձեն պահել` կազմակերպելով նման ձեռնարկներ:
Ապա Ս. Վարդապետեան «փաուըր փոյնթ»-ով» ներկայացուց թմրեցուցիչի գործածութեան ախտն ու վտանգները` դիտել տալով, որ ներկայիս ամէնէն մտահոգիչ երեւոյթն է անիկա:
Ըստ անոր, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը պարտականութիւն եւ պարտաւորութիւն զգացած է այս նիւթը իր մասնաճիւղերուն ներկայացնելու: Այնուհետեւ ան բացատրութիւններ տուաւ թմրեցուցիչի գործածութեան, մոլութեան տեսակներուն, անոր ժխտական ազդեցութեան` մոլի անձին եւ անոր շրջապատին վրայ, նաեւ խօսեցաւ կանխարգիլման եւ դարմանումի միջոցներուն մասին:
Ապա Յարութ Լափաճեան ճոխացուց մթնոլորտը ազգային, գաւառական եւ յեղափոխական երգերով:

