Հոգեւոր Տօներուն Նուիրուած Հաւաք
ԼՕԽ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի Ս. Սարգիսի տօնին առիթով կազմակերպած ձեռնարկը, տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 13 փետրուար 2014 «Ռուբէն» ակումբի սրահին մէջ, ներկայութեամբ Ֆանարի հոգեւոր հովիւ Միքայէլ քհնյ. Տէմիրճեանի, 55 ԼՕԽ-ականներու եւ հրաւիրեալներու:
ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէ ետք մասնաճիւղի ատենապետ Զեփիւռ Պոնիագրապեան արտասանեց բացման խօսքը: Ապա հրաւիրեց Միքայէլ քհնյ. Տեմիրճեանը, որ խօսեցաւ Առաջաւորաց Բարեկենդանի եւ Տեառնընդառաջի տօնին մասին, ապա պատասխանեց բազմաթիւ հարցումներու, որոնք յատկապէս կը վերաբերէին Ս. Սարգիսի տօնին:
Տէր հօր խօսքին յաջորդեց հիւրասիրութիւնը: Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն:
CATEGORIES Գաղութային

