Ս. Սարգիսի Առիթով Նախաճաշ

LOKH_SosseՀայկական աւանդութիւններուն, ազգային եւ եկեղեցական տօներուն պահպանումը կը նկատուին ԼՕԽ-ի առաքելութեան մէկ մասը:

Սոյն նպատակով այս արժէքներու փոխանցումը ներկայ սերունդին պարտականութիւն եւ պարտաւորութիւն կը նկատուի իւրաքանչիւր ԼՕԽ-ի մասնաճիւղի վարչութեան համար:

Այս առաջադրանքէն մեկնած` ԼՕԽ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութիւնը (Ժիպէյլ), կազմակերպած էր Ս. Սարգիսի տօնին նուիրուած ձեռնարկ-ճաշ մը, 13 փետրուար 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ժիպէյլի «Հայ կեդրոն»-ին մէջ:

ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, հայերէնով ձեռնարկին բացումը կատարեց վարչութեան ատենապետ Լուսին Պէզճեանը, իսկ արաբերէնով` Մունա Թանկուգեանը:

Սրահին մէջ համախմբուած էին 65 հայ եւ օտար կիներ` շրջանի բնակիչներէն: Անոնք մեծ հաւատք ունենալով ԼՕԽ-ի բարեսիրական եւ մարդասիրական գործունէութեան նկատմամբ` կատարեցին նուիրատուութիւններ, իսկ վիճակաձգութենէն շահողները բախտաւորուեցան գեղեցիկ նուէրներով:

Գնահատելի երեւոյթ է, որ հեռակայ Ժիպէյլ շրջանին մէջ կազմակերպուին այսպիսի ձեռնարկներ, որպէսզի պահուի մեր հայկական դիմագիծը:

Share this Article
CATEGORIES