«Ա. Ազիրեան» Մասնաճիւղի Ճաշկերոյթ-Պարահանդէս

LOKH_Azirian4 յունուար 2014-ին, Տըպպայէի «Նախիլ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Ա. Ազիրեան» մասնաճիւղի ճաշկերոյթ-պարահանդէսը` հովանաւորութեամբ Շրջանային վարչութեան եւ նախագահութեամբ մասնաճիւղին բարերար տէր եւ տիկին Սարգիս Կերէքմեզեաններուն:

Ձեռնարկին առաջին մասով ներկաները ունկնդրեցին հայկական եղանակներ` տուտուկի եւ տհոլի ընկերակցութեամբ, որուն վերջին մասով, շրջանին պատանիներէն Քրիստին Սարգիսեան, ընկերակցութեամբ Վիգէն Քէշիշեանի` տուտուկին վրայ, յաջորդաբար ասմունքեց Մուշեղ Իշխանի «Հայ մամիկին աղօթքը» եւ Համաստեղի «Հայու հոգին»` արժանանալով ներկաներուն բուռն ծափահարութեան:

Ապա օրուան թամատան` Գօգօ Աւագեան, խօսեցաւ ԼՕԽ-ի գործունէութեան եւ նպատակին մասին: Ան բեմ հրաւիրեց մասնաճիւղին ատենապետը` արտասանելու բացման խօսքը: Ան ամփոփ տեղեկութիւն տուաւ մասնաճիւղին գործունէութեան մասին, նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նիւթապէս կամ բարոյապէս իրենց մասնակցութիւնը բերին սոյն ձեռնարկին:

Ձեռնարկին երկրորդ բաժինով բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան երգիչը` Աւօ Ասլանեան, որ իր երգերով խանդավառեց ներկաները, մանաւանդ երբ հրամցուց Սայաթ Նովայի երգերէն գեղեցիկ փունջ մը: Աւելի ուշ խօսք առաւ շրջանի ծխատէր քահանան` Յակոբ Պզտիկեանը, որ դրուատիքով խօսեցաւ ԼՕԽ-ի գործունէութեան մասին ու յաջողութիւն մաղթեց մասնաճիւղի վարչութեան:

Ձեռնարկին վերջաւորութեան օրուան թամատան բեմ հրաւիրեց օրուան նախագահին տիկինը, որուն` մասնաճիւղին անունով, յուշանուէր մը յանձնուեցաւ ատենապետին կողմէ:

Share this Article
CATEGORIES