ԼՕԽ-ի «Կարինէ» Մասնաճիւղի Ձեռնարկը
ԼՕԽ-ի «Կարինէ» մասնաճիւղը Ամանոսի շրջանի «Ս. Թեհլիրեան» ակումբին մէջ կազմակերպեց ձեռնարկ մը` ներկայութեամբ 85 ԼՕԽ-ականներու եւ համակիրներու:
Սոյն ձեռնարկին վարչութիւնը հրաւիրած էր իր որդեգրած ծերերը եւ կարիքաւոր պարագաները:
Վարչութիւնը պատրաստած էր օրուան հրամցուելիք ուտելիքները, սեղանները զարդարած էր ձեռային աշխատանքներով: ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, վարչութեան ատենապետ Ժանեթ Հաւաթեան բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն` կարդաց ԼՕԽ-ի դաստիարակչական յանձնախումբին պատրաստած «Հայ եկեղեցւոյ տօներ եւ անոնց հետ կապուած աւանդութիւններ» գրքոյկէն հատուածներ:
Ձեռնարկի ընթացքին ժամանեց Կաղանդ մաման, որ նուէրներ բաժնելով բոլորին` երգեց պարեց եւ մթնոլորտը ճոխացուց:
Ներկաներէն մէկը արտասանեց Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին հայկական» բանաստեղծութիւնը, որմէ ետք մեներգեց ԼՕԽ-ական ընկերուհի մը:
Եղան նուիրատուութիւններ եւ վիճակահանութիւն:

