Մարձումի Դրական Ազդեցութիւնը Առողջութեան Վրայ

ԼՕԽ-ի «Հայաշէն» մասնաճիւղի վարչութեան նախաձեռնութեամբ, 13 փետրուար 2014-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն մը` նիւթ ունենալով «Մարձումի դրական ազդեցութիւնը առողջութեան վրայ»: Ապա ներկաներուն հրամցուեցաւ վարչականներուն կողմէ պատրաստուած ճաշը: Ներկայ էին` ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչը, կազմակերպչական յանձնախումբի, «Աստղիկ» եւ «Արագած» մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր:

Բացման խօսքը արտասանեց միութեան ատենապետ Շաքէ Պաղտասարեան, որ նախ շնորհաւորեց Սարգիս անունը կրող մեր բարեկամները եւ հարազատները, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն, որոնք տնտեսական դժուարին այս պայմաններուն քաջալերելով ԼՕԽ-ին աշխատանքները` ներկայ գտնուած են սոյն ձեռնարկին:

Ան շեշտեց. «Միշտ կը միտինք դասախօսութեան համար այժմէական եւ օգտակար նիւթեր ընտրել, որպէսզի մեր առօրեայ կեանքին հետ զուգահեռ, մեր մտքերը բանալով` կարեւոր եւ շինիչ տեղեկութիւններով ամբարենք եւ քայլ պահենք օրուան նորութիւններուն հետ»: Ապա հրաւիրեց օրուան դասախօսը` մարձումի մասնագէտ Ռազմիկ Պէօճէքեանը:

Պէօճէքեան բոլոր ներկաներուն բաժնեց յատուկ թղթիկներ, որոնց մէջ կային մարզանքի ձեւեր եւ բացատրութիւններ: Ապա տեղւոյն վրայ ընտրեց անձ մը եւ մանրամասնեց զանազան մարզաձեւերու կիրարկման մասին, որոնք ընդհանրապէս կը պակսին մեր առօրեայ կեանքէն, մարզանքներ, որոնք լաւագոյն բուժամիջոցներ են ֆիզիքական առողջապահական հարցերու եւ հոգեկան տրամադրութեան օգտակար դառնալու, անշուշտ` երբեմն դեղամիջոցներու հետ զուգահեռ:

Մուտքին իւրաքանչիւր անձի բաժնուեցան սիրոյ տօնը խորհրդանշող կարմիր վարդեր` նուիրուած ընկհ. Մարզումանեանի կողմէ, եւ նկատի ունենալով, որ օրը կը զուգադիպի Տեառնընդառաջի նախատօնակին, ներկաները ստացան զարդարուն մոմեր, որպէսզի զանոնք վառեն եկեղեցիներուն մէջ վառուելիք խարոյկէն եւ իբրեւ ճրագ տանին իրենց տուները լուսաւորելու:

Տեղի ունեցաւ  վիճակահանութիւն, ընտրուեցաւ օրուան բախտաւորը, եւ խանդավառ ու հաճելի մթնոլորտով փակուեցաւ ձեռնարկը:

Share this Article
CATEGORIES