Սննդագիտական Տեղեկութիւններու Փոխանցում
Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութեան, հինգշաբթի, 6 փետրուար 2014-ին` առաւօտեան ժամը 10:30-ին «Գարեգին Նժդեհ» ակումբին մէջ, տեղի ունեցաւ ընկերային հաւաքոյթ մը:
ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք վարչութեանս ատենապետ` Արաքսի Գըլըճեան ձեռնարկին բացումը կատարեց, ողջունելով ներկաները եւ բարի գալուստ մաղթելով բոլորիս: Ապա անդրադառնալով օրուան դասախօսութեան նիւթին` ան ըսաւ, որ արդիականացած մեր կեանքին մէջ, նստակեաց վիճակը, շարժումի պակասը, ինքնաշարժի օգտագործումը ժխտական անդրադարձ կ՛ունենան եւ կը նպաստեն մեր մարմնին անհամեմատ եւ անհամապատասխան կշիռք ունենալու երեւոյթին վրայ: Առ այդ վարչութիւնս յարմար նկատեց հրաւիրելու Դանիա Յովակիմեանը, որպէսզի մարմնակրթական եւ գեղեցկագիտական օգտակար գիտելիքներ փոխանցէ:
Ակումբին մէջ հաւաքուած ԼՕԽ-ականներ եւ բարեկամուհիներ լուռ եւ ուշադիր ունկնդրութեամբ հետեւեցան դասախօսին փոխանցած գիտելիքներուն, ան մէջբերելով ուսումնասիրութիւններ, օրինակներով բացատրեց ներկաներուն, թէ ի՞նչ ձեւով կարելի է աստիճանաբար մարմինի վրայ կուտակուած աւելորդ կշիռը նուազեցնել, ապա թելադրեց կարգ մը բուսական ծագում ունեցող արտադրութիւններ, վերադասաւորելու մարմինի ծանրութիւնը: Աւարտին, Դանիա Յովակիմեան պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն: Ապա տեղի ունեցաւ ճաշի սպասարկութիւն, որուն յաջորդեց վիճակահանութիւն:

