Գուրգուրանք Ծերերուն
ԱՐԱՔՍԻ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ-ՎԻԶՈՅԵԱՆ
Մօտիկ անցեալին, երբ Սուրիան հզօր էր իր հարստութեամբ, մշակոյթով, արհեստներով, եւ Հալէպը հռչակուած էր մշակոյթի մայրաքաղաք, հալէպահայ գաղութը կ՛ապրէր բարգաւաճ, ապահով կեանք: Անիկա հայրենիքի եւ սփիւռքի ուշադրութեան կեդրոնն էր իր հիւրընկալ նկարագիրով:
Ամէն Կաղանդին եւ Ս. Զատիկին, միութենական կիներ, անհատ բարերարներ, նոյնիսկ նախագահ Պաշշար Ասատը` առաջին տիկնոջը եւ զաւակներուն հետ, բեռնաւորուած նուէրներով, կ՛այցելէին Բերիոյ թեմի առաջնորդարանին հովանիին տակ գործող Ազգային պատսպարանը, ուր կ՛ապրէին, կը սնուէին, ազգային դպրոցներու մէջ ուսում կը ստանային երկուքէն մինչեւ հասուն տարիքի աղջիկներ եւ տղաք:
Տիկնանց վարչութիւններ, բարերարներ, տարին երկու անգամ ճաշով կը հիւրասիրէին երեք համայնքներու պատկանող հայ ծերանոցին բնակիչները:
Վերանորոգուած շէնքին մէջ, արդի սարքաւորումներով կահաւորուած, կազմակերպուած հոգատարութեամբ կը խնամուէին ծերերը: Սակայն անոնց աչքերուն մէջ, հակառակ պարտադրուած ժպիտներուն, գութ աղերսող եւ կարօտի տխրութիւն կը նշմարուէր:
Կը ցաւինք, կը մեղքնանք, բայց ո՞վ կը սիրէ ծերերը: Անոնք կը նմանին աւերակներու, դաշտերու մէջ լքուած զանգակատուներու, որոնց պատերուն մէջ թռչուններ բոյն շինած են եւ բնակութիւն հաստատած, որոնց ղօղանջները հազիւ լսելի կ՛ըլլան շուրջի գիւղերէն:
Ծերերը իրենց ներկայութեամբ այնքան զգալի կ՛ընեն մահուան գաղափարը: Խօսակցութիւնը ծերերուն յաճախ գութ կ՛արթնցնէ եւ երբեմն ալ ձանձրոյթ կը պատճառէ:
Ծերը ընտանիքին արմատը, գլուխը կը հանդիսանայ: Սակայն կայ այս բոլորէն անդին բան մը: Ուրախ եւ տխուր անցեալի կեանքի մը պատմութիւնը: Անցեալը ներկային կապող օղակն է, որուն մէջ կուտակուած է ապրուած իմաստութիւն, խորհուրդ:
Հայրս կ՛ըսէր` յարգեցէք մեռելներուն յիշատակը, այցելեցէք հիւանդներուն, առանձին մի՛ ձգէք ծերերը: Մի՛ զրկուիք անոնց մաղթանքներէն, օրհնութիւններէն:
Բախտաւոր է այն ծերը, որ հարազատներով շրջապատուած հրաժեշտ կու տայ այս աշխարհին:
Այնճար

