ԼՕԽ-Ականի Յուշերէս
ԶԱՐՈՒՀԻ ԳԱԼԵՄՔԵՐԵԱՆ
1975-ի տարեսկիզբն է, ԼՕԽ-ի «Հայաշէն» մասնաճիւղի վարչութենէն անդամ մը ճամբորդած է. այնպէս որ զիս առաջին անգամ ըլլալով հրաւիրեցին, որ դառնամ ԼՕԽ-ի «Հայաշէն» մասնաճիւղի վարչութեան անդամ:
Տարիներ անցան պարբերաբար քանիցս ընտրուեցայ վարչական, եւ ծառայեցի մասնաճիւղին կրթական մասնաճիւղին աշխատանքներուն:
Հայաշէնի շրջանը բնակութիւն հաստատած էին համեստ ընտանիքներ եւ անտէր ծերունիներ` գաղթականութենէ ճողոպրած, որոնք կարիքը ունէին ԼՕԽ-ի ծառայութեան:
Մինչեւ այսօր այդ մեծաթիւ ծերունիներէն յիշողութեանս մէջ կը մնան յատուկ պարագաներ:
Փարիզը անտէր միայնակ ծերունի մըն էր, որ կ՛ապրէր Էշրեֆիէի Շահրուրի շրջանի քարաշէն տան մը գետնայարկը գտնուող խուցի մը մէջ: Երբ ես զինք ճանչցայ, ան կղպած էր բնակարանին դուռը, որովհետեւ կողոպտած էին իր քանի մը կտոր ոսկեղէնները, իրեն հետ կապ հաստատելու համար պէտք էր հանդիպէինք իրեն իր փոքր պատուհանէն: ԼՕԽ-ի վարչութենէն զատ իր խնամակալներն էին դրացիները, որոնց կարգին կարելի է յիշել ԼՕԽ-ի նախկին Շրջանային վարչութեան անդամ վեթերան ընկերուհի Ֆեթթելը: Փարիզ հետզհետէ կ՛անհանգստանար, մեր առաջարկները` զինք ծերանոց փոխադրելու, կը մնային անպատասխան:
Վարչութիւնը այդ օրերուն Փարիզին ամսական կը յատկացնէր տասը լիբանանեան ոսկի: Առաւօտ մը «Հայաշէն»-ի վարչութեան լուր կը հասնի, որ Փարիզին սենեակէն ձայն չկայ` կասկածելով, թէ ան մահացած է: Խումբ մը վարչականներ եւ ազգայիններ կը փութանք Փարիզին տունը` մեզի հետ տանելով շրջանի տէր հայրն ու մեռելաթաղը: Կը հասնինք Շահրուրի, դուռը կը կոտրեն, եւ Փարիզին անշնչացած մարմինը կը հանեն դուրս:
Քահանայ հայրը, մեռելաթաղն ու քանի մը ԼՕԽ-ականներ մարմինը կը փոխադրեն գերեզմանատուն:
Մենք շուարած մնացած էինք Փարիզի սենեակին կոտրած դրան առջեւ, երկու համարձակ վարչականներ կը մտնեն սենեակ` գիտնալու համար, թէ արդեօք ի՞նչ ունէր Փարիզ եւ սենեակէն դուրս կը բերեն բազմաթիւ անպէտք ապրանքներու հետ տրձակներով նամակի պահարաններ, որոնց վրայ գրուած էր Ֆրանսայի ծերանոցի մը հասցէն, ուր ապրած էր Փարիզին քոյրը: Բաւական փնտռտուքէ ետք ընկերուհի մը կը գտնէ պզտիկ ծրար: Անմիջապէս վերադարձանք ակումբ եւ ծրարին մէջ գտանք 1010 լիբ. ոսկի գումար մը բոլորն ալ բաղկացած տասը լիբանանեան ոսկիներէ. այս կը նշանակէ, որ տարիներով ԼՕԽ-ի կատարած յատկացումը կը վերադառնար իրեն: Այդ գումարով հոգացինք Փարիզի թաղման ծախսերը, իսկ մնացեալ գումարը նոյնպէս տրամադրեցինք յաջորդ օրն իսկ մահացած կարիքաւոր ծերունիի մը թաղման ծախսերուն:
Մարիամը կ՛ապրէր Հայաշէնի ձորը գտնուող կոկիկ տան մը մէջ, երբ ծանօթացանք իրեն, տեղեկացանք, որ Մարիամ ջարդի օրերուն եղած է որբ աղջնակ մը` հանդիպելով Շամուն ընտանիքի մեծ հօր, որ Լիբանանի դեսպան է Թուրքիոյ մէջ, Մարիամին իրեն հետ կը բերէ Լիբանան եւ երկար տարիներ կը պահեն զինք իրենց տան մէջ: Կեանքի վերջին տարիներուն կ՛ապաստանի Հայաշէն եւ կը միանայ մեր անտէր ծերերու շարքին մինչեւ իր մահը:
Հայաշէնի կարիքաւոր ծերերուն շարքին կարելի չէ մոռնալ Մարի Արմենակեանը` նոյնպէս անցեալի որբերէն, որ նոյնիսկ իր բուն անունին մականունին ծանօթ չըլլալով որբանոցին մէջ, զինք կը կոչեն Մարի Աստուածածնայ անունով, իսկ մականունը կ՛ըլլայ Արմենակեան որպէս հայու զաւակ:
Երեկոյ մը յանկարծ ուժգին կը զարնուի մեր տան դուռը, կը վազենք դուրս, փողոցը կը գտնենք երկու թաղեցի հայ ծերունիներ: Զապէլ ուշակորոյս ինկած է գետին, իսկ ընկերուհին կ՛ողբայ անոր վիճակը: Պատերազմի օրեր են, ակումբի կամաւոր տղաքը միշտ ներկայ են, Զապէլը դժուարութեամբ կը բերենք մեր տունը, մինչեւ որ, ակումբին տղաքը կը հասնին եւ զինք կը փոխադրեն բժիշկի. նման կարիքներու համար կ՛օգտագործուէր Ս. Պօղոս հիւանդանոցը:
Ժամ մը ետք տղաքը կը վերադառնան` ըսելով, որ Զապէլը ուշքը կորսնցուցած էր, որովհետեւ անօթի է. Զապէլ հինգ զաւակի մայր մնացած էր մինակ, որովհետեւ բոլորն ալ ճամբորդած էին եւ մոռցած իրենց մայրը: Ան դարձաւ մեր կարիքաւորներէն մէկը, ակումբի մէջ տղոց համար պատրաստուած ճաշերէն բաժին կը հանէինք Զապէլին, հետագային ստանձնելով նաեւ թաղումն ու հոգեհանգստեան արարողութիւնը:
Ահա այսպէս ԼՕԽ-ի Հայաշէնի մասնաճիւղի վարչութենէն իր հիմնադրութենէն` 1937-էն մինչեւ այսօր բոլորս ծառայած ենք շրջանի անտէր եւ կարիքաւոր ծերերուն:
Մաղթանքս է, որ մեր ծերունիները ապրին խաղաղ, հանգիստ եւ ուրախ օրեր` իրենց հարազատներուն շուքին տակ:

