Ռէալ Մատրիտ Կ՛որոշէ Փոխանցել Երեք Մարզիկ

Իր լուրը քաղելով սպանական «Մարքա» օրաթերթէն ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը յայտնէ, որ յառաջիկայ ամրան ընթացքին Ռէալ Մատրիտ որոշած է ուրիշ խումբերու փոխանցել իր երեք մարզիկները:

Մայրաքաղաքի կազմը կ՛ուզէ ծախու հանել յետսապահ Ֆապիօ Քոյենթրաոն, միջնապահ Քասեմիրոն եւ յառաջապահ Ալվարօ Մորաթան:

Ռէալի մարզիչ Քարլօ Անչելոթթի յատուկ առանձնազրոյց ունենալով բոլոր մարզիկներուն հետ, անոնց բացատրած է իւրաքանչիւրին յատկացուած դերը:

Նախքան այս լուրը հրապարակուիլը Քոյենթրաոյի ծառայութիւններով հետաքրքրուած էին Մանչեսթըր Եունայթըտ եւ Ա. Սէ. Միլան, իսկ Մորաթայով` Արսենալ:

 

Share this Article
CATEGORIES