Մեր Խօսքը
Վերջերս բնական երեւոյթ դարձած է քննադատել մեր աշակերտներն ու պատանիները` ըսելով, թէ անոնք այլեւս չունին այն հետաքրքրութիւններն ու յանձնառութիւնը, զորս ունեցած են մեր սերունդը կամ մեզմէ աւելի աւագ սերունդները: Եթէ քննական մօտեցումով փորձենք մօտենալ հարցին, կը նկատենք, որ թէեւ այս իրողութիւնը կրնայ երբեմն երեւութապէս ճիշդ ըլլալ, բայց անիկա կապուած է ուրիշ ահագին գործօններու հետ:
Արդարեւ, 20-րդ դարու վերջին տասնամեակն ու 21-րդ դարու առաջին տասնամեակը կը յատկանշուին հսկայական փոփոխութիւններով. փոփոխութիւններ, որոնք առաջին հերթին իրենց ազդեցութիւնը պիտի ունենային պատանիներու եւ աշակերտներու վրայ:
Այսպէս, պատանիներուն մտածած ձեւը, տեղեկութիւններու ընկալման եղանակն ու ընկերային կեանքը սկսան արմատական փոփոխութիւններ կրել: Մեր նպատակը չէ այս փոփոխութիւնները ներկայացնել ու զանոնք քննարկել ու արժեւորել:
Բնականաբար անոնք ունին որոշ դրական եւ բացասական ազդեցութիւններ: Ամէն պարագայի մեր աշակերտներուն վրայ անոնց ազդեցութիւնը անհերքելի է: Ուրեմն պէտք է նկատի ունենալ այս փոփոխութիւնները ու փորձել առաւելագոյն չափով օգտուիլ անոնց դրական երեւոյթներէն ու փորձել տիրապետել բացասական կողմին:
Այսօր, հակառակ բոլոր այս փոփոխութիւններուն, մեր կրթական համակարգն ու դպրոցները գրեթէ մնացած են այնպէս, ինչպէս էին վերոյիշեալ փոփոխութիւններէն առաջ:
Բնականաբար որոշ դպրոցներ սկսած են փորձել որոշ փոփոխութիւններ ներառել իրենց համակարգին մէջ, բայց այդ փոփոխութիւնները յաճախ կ՛ըլլան շատ չնչին:
Արդարեւ, այսօր մեր աշակերտները կը կրթուին, արժէքներ ու տեղեկութիւններ կը ստանան երկու աղբիւրներէ` «մետիա»-էն ու կրթական հիմնարկներէն: «Մետիա»-ի դիւրամատչելիութեան ու որոշ արժէքներու լռելեայն փոխանցումին պատճառով պէտք է նկատի ունենալ, որ այսօր մեր կրթական հիմնարկներու հիմնական թշնամին «մետիա»-ն է: «Մետիա»-ն, որ իրականութեան մէջ միջոց մըն է, յաճախ կ՛օգտագործուի որոշ հաստատութիւններու կողմէ, որոնք աշակերտներուն կը փոխանցեն իրենց ուզած արժէքները, որոնք յաճախ կը հակասեն կրթական հիմնարկներու փոխանցած արժէքներուն: Այսինքն այսօր չենք յաջողած «մետիա»-ն դարձնել միջոց մը, որուն շնորհիւ կարելի կ՛ըլլայ կրթական հիմնարկներու արժէքներն ու տեղեկութիւնները ջամբել աշակերտներուն. այնպէս որ, այս փոխանցումներու եղանակն ալ ըլլայ դիւրամատչելի ու հաճելի: Այսպէս, մեր վարժարաններու փոփոխութիւնները կ՛ըլլան անբաւարար` նկատի ունենալով «մետիա»-ի արագ փոփոխութիւնները ու այլ ընկերութիւններու կողմէ անոր արագ որդեգրումը:
Այսօր մենք պէտք է սկսինք արդէն ախտաճանաչումը ոչ միայն մեր մանուկներուն ու աշակերտներուն, այլ մեր կրթական համակարգին. համակարգ, որ պէտք է համապատասխանէ մեր այսօրուան աշակերտներու ընկալման ու մտածման ձեւերուն, եւ որ կիրարկէ դաստիարակութիւնն ու նիւթերը անոնց մատչելի դարձնելու այժմէական միջոցներ: Միմիայն այսպիսի այժմէական համակարգի մը ազդեցութեան տակ է, որ դպրոցը կրնայ կատարել իր ամբողջական դերը, իսկ այս համակարգի գործադրութիւնը անպայման կը պահանջէ արհեստավարժ մօտեցում եւ հաշուետուութիւն:
Պէտք է յիշել, որ ուսուցչութիւնը մասնագիտութիւն է. մասնագիտութիւն, որ ունի որոշ առաքելութիւն, եւ որ կը պահանջէ որոշ յատկութիւններ: Բնականաբար այսօր գաղութի հայ վարժարաններուն տարած ճիգը, եւ ուսուցիչներուն նուիրուածութիւնը գնահատելի են: Արդարեւ, շատ մը ուսուցիչներ կ՛աշխատին մեծ անձնազոհութեամբ ու անշահախնդրութեամբ: Հարցը համակարգի ու կիրարկուած «մեթոտ»-ներուն մէջ է. համակարգ, որ յաջողի ի մի խմբել բոլոր այս ճիգերը:
Այսպէս, պէտք է համախմբուիլ ու ունենալ յանձնառութիւնը` կատարելու այս փոփոխութիւնները: Այստեղ ծնողները բնաւ պէտք չէ ունենան տարակուսանք իրենց զաւակները ուղղելու այս փոփոխութիւնները ամբողջացուցած օտար դպրոցներ` երկու հիմնական պատճառներով. առաջին` հայ ծնողներն ալ իրենց ներդրումը պիտի ունենան հայկական դպրոցներու զարգացման աշխատանքին մէջ, եւ երկրորդ` իւրաքանչիւր համակարգ ունի իր պահուած բաժինը (hidden curriculum). այսինքն` արժէքներ, մթնոլորտ ու տրամադրութիւն, որոնք կը փոխանցուին լռելեայն եւ յաճախ` անզգալաբար: Եւ այս հայեցի եւ այլ առողջ դաստիարակութիւն պարունակող պահուած համակարգն է, որ մեր ծնողները նկատի չեն ունենար, երբ իրենց զաւակները կ՛ուղղեն օտար վարժարաններ:
Ուրեմն պէտք է բոլորս մեր ճիգերը ի մի դնենք մշակելու համար այն համակարգն ու միջոցները, որոնք պիտի նպաստեն հայ մանուկներու ամբողջական ու ազգային կրթութեան փոխանցման: Ազգային արժէքներն ու այժմէականութիւնը զիրար չեն հակասեր, այլ կ՛ամբողջացնեն: Այժմէական համակարգ ունենալով` մենք կը յաջողինք ազգային ու մարդկային արժէքներ փոխանցել մեր սերունդին` միաժամանակ օժտելով զայն ամբողջական ու բարձրորակ կրթութեամբ:

