Յատուկ Հոգածութեան Պահանջը Ունեցող Աշակերտները

Մեր առօրեայ կեանքին մէջ յաճախ կը հանդիպինք ֆիզիքական կամ մտային դժուարութիւն ունեցող աշակերտներու, որոնք անմիջապէս մեր ուշադրութիւնը կը գրաւեն: Այսպիսի աշակերտներ կը կարօտին յատուկ հոգատարութեան, զոր չենք գտներ հայկական վարժարաններուն մէջ: Այս մէկը կրնայ լուրջ հետեւանքներ ունենալ այս աշակերտներուն կեանքին վրայ, տրուած ըլլալով, որ անոնք կա՛մ կը մնան թերաւարտ եւ կա՛մ կը ստիպուին յաճախել օտար վարժարաններ: Աւելի լաւ հասկնալու համար այս աշակերտներուն պարագան, յատուկ ծրագիրներու անհրաժեշտութիւնը անոնց համար եւ հանրութեան ներկայացնելու անոնց իրավիճակը, Զաւարեան ուսանողական միութիւնը հարցազրոյց մը կատարեց հոգեբան Շաղիկ Խուտավերտեանին եւ ուղղավար (օրթոփետակոկ)Մարիա Պիլեմճեանին հետ:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ի՞նչ կը հասկնանք յատուկ կարիք ունեցող (սփեշըլ նիտզ) եւ ներառական կրթութեան կարիք ունեցող (սփեշըլ էճիւքէյշըն) աշակերտներ եզրով:

ՇԱՂԻԿ Խ.– Սփեշըլ նիտզ եզրը կը վերաբերի այն մանուկներուն եւ պատանիներուն, որոնք յատուկ կարիքներ ունին եւ կրթական հաստատութեան մը մէջ յատուկ հոգատարութիւն եւ ակադեմական միջամտութիւն կը պահանջեն: Ասկէ մեկնած` կը գործածենք սփեշըլ էճիւքէյշըն կամ ներառական կրթութիւն եզրը, որ վերոնշեալ պարագաներուն համար ստեղծուած կրթական համակարգն է. ան կ՛ընդգրկէ այն համապարփակ ջանքերն ու աշխատելաձեւը, որոնք նկատի կ՛առնեն տուեալ աշակերտներուն կարիքները, կազմաւորման ընթացքը, սորվելու եղանակը, կատարողական կշռոյթը, որոնցմէ մեկնած` կը ստեղծուի յատուկ ծրագիր եւ կը կիրարկուի առաւելագոյն չափով արդիւնաւէտ միջոցներով:

ՄԱՐԻԱ Պ.- Այն մանուկները, որոնք յատուկ հոգատարութեան կարիքը ունին, միւս մանուկներէն տարբեր ձեւով կը սորվին, կը մեծնան: Վերջին 10 տարուան ընթացքին անոնք սկսան հետեւիլ ներառական կրթութեան, որ նկատի կ՛առնէ իւրաքանչիւր մանուկի դժուարութիւնները եւ անոր համեմատ կը վերամշակէ դասը ու կը դիւրացնէ զայն` ըստ մանուկին կարելիութեան: Այս մէկը կ՛ըլլայ զանազան միջոցներով` խաղերով, նկարներով եւ այլ ուրիշ ձեւերով, որպէսզի մանուկին կարողութիւնները հասնին բարձրագոյնին:

Հ.- Հակիրճ ձեւով ներկայացուցէք աշակերտներուն մօտ գտնուող յատուկ հոգածութիւն պահանջող պարագաները, պատճառները, դրսեւորումները եւ ազդեցութիւնը ընկերային կեանքին վրայ:

Շ. Խ.- Յատուկ կարիքները կրնան յառաջ եկած ըլլալ ծինային ազդակներէ եւ միջավայրի ազդեցութիւններէ: Անոնք կրնան ըլլալ` ֆիզիքական, հոգեբանական, ընկերային, սորվելու եղանակի եւ կշռոյթի վերաբերող, մտքի թերի կազմաւորման առնչուած եւ այլն: Նման կարիքներու առկայութիւնը կրնայ ստեղծել ընկերային, հոգեբանական, վարուելակերպային եւ ակադեմական հարցեր. կրնայ պատճառ դառնալ ինքնահամարումի, ինքնարժեւորումի, ինքնավստահութեան հարցերու, անձկութեան, գերճնշուածութեան, մեկուսացումի, կրթական-ակադեմական աշխատանքներու կաղացումի եւ նոյնիսկ հետագային` կեանքի ձախողութիւններու:

Այս պարագաներէն կարելի է նշել dyslexia (կարդալու եւ կարդացածը հասկնալու դժուարութիւն), dysgraphia (գրելու դժուարութիւն), dyscalculia (թիւերու եւ թուաբանական գործողութիւններու դժուարութիւն), ADD/ADHD (կեդրոնացումի դժուարութիւն եւ գերաշխուժութիւն), դանդաղ սորվելու հարցեր, pshychomotor, հոգեշարժութեան դժուարութիւններ, լեզուական եւ հաղորդակցութեան դժուարութիւններ եւ այլն:

Մ. Պ.- Այս մանուկները կարելի է բաժնել երկու մեծ խումբի. առաջինը` «trouble», որ շփոթ կը կոչենք, մանուկին ուղեղին մէջ ընդհանրապէս վնասուած բաժին մը կ՛ըլլայ ծինային, ջիղերու կամ ֆիզիքական պատճառներով: Այս պատճառները շատ յաճախ չենք կրնար գիտնալ: Կրնանք յիշել` «Trouble de l’apprentissage»-ը, որմէ նշենք «dyslexia»-ն, «dysorthographie»-ն եւ «dyscalculia»-ն: Իսկ երկրորդը` յատուկ նիւթի մը շուրջ դժուարութիւն ունեցող աշակերտներու խումբն է, որ աշխատանքով կրնայ յաղթահարել իր դժուարութիւնը:

Առաջին պարագային, շփոթը մանուկին հետ միշտ կը մնայ: Կրնայ ըլլալ, որ յատուկ աշխատանքէ ետք բարելաւուի, բայց չի փարատիր: Մինչդեռ երկրորդ խումբին պատկանող մանուկներուն դժուարութիւնը կրնայ փարատիլ: Օրինակ, եթէ աշակերտ մը դժուարութիւն ունի մէկ լեզուի մէջ, աշխատանքէ ետք կը յաջողի դիմագրաւել այդ դժուարութիւնը:

Ինչ կը վերաբերի պատճառներուն, անոնք ընդհանրապէս առողջական են. պարագաները կրնան ի յայտ գալ յղութեան ժամանակ, ծննդաբերութենէ ետք կամ ծննդաբերութենէ անմիջապէս ետք: Կենսաբանական, ջղային, հոգեբանական եւ ընկերային տուեալներ կրնան ազդել այս պարագաներուն ի յայտ գալուն:

Այս դժուարութիւնները անշուշտ կ՛ազդեն մանուկներուն ընկերային կեանքին վրայ, մանաւանդ երբ անոնք իրենց փոքր տարիքէն չեն յարաբերիր իրենց ընկերներուն հետ: Հակառակ պարագային, աւելի դիւրութեամբ կ՛ունենան ընկերներ, որոնք  ժամանակի ընթացքին կը վարժուին անոնց:

Դժուարութիւն ունեցող երեխան միւս երեխաներէն աւելի հոգածութեան պէտք ունի: Օրինակ, եթէ երեխան «IMC» ունի, ընդհանրապէս կ՛ունենայ ուտելու եւ քալելու դժուարութիւններ: Այս մէկը հարց կը ստեղծէ, եթէ դպրոցը նկատի չառնէ  պարագան:

Հ.- Մեր կրթական հաստատութիւններուն մէջ կա՞ն այսպիսի պարագաներ, որոնց կը խուսափինք անդրադառնալ: Գաղութը բաւարար չափով իրազեկուա՞ծ է այս խնդիրներուն մասին:

Շ. Խ.- Մեր կրթական հաստատութիւններէն ներս, ինչպէս այլ հաստատութիւններէ ներս, ամբողջ աշխարհի տարածքին, նման պարագաներ անպայման որ կան, անոնք կրնան ըլլալ ճիշդ ձեւով ախտաճանաչուած, երբեմն սխալ ձեւով որակումներու ենթարկուած, երբեմն մերժուած, երբեմն վտարուած են: Սակայն հարցը առաւելաբար կը վերաբերի այն իրողութեան, որ ախտաճանաչումները որքանո՞վ մասնագիտական ձեւով կը կատարուին: Այլ կարեւոր հարց մըն է նաեւ ախտաճանաչումէն ետք աշակերտին պարզած կացութեան հետ վերաբերելու եղանակը, որդեգրուած միջոցները: Արդեօք կ՛ընդունի՞նք, որ այս աշակերտներուն համար կատարուելիք ծրագրի փոփոխութիւնը կամ պատշաճեցումը իրենց արդար իրաւունքն է: Կ՛ընդունի՞նք եւ ըստ այնմ կը գործե՞նք, կը գիտակցի՞նք, թէ բոլոր աշակերտները նոյնանման կարողութիւններով օժտուած չեն, եւ որեւէ կրթական հաստատութեան պարտականութիւնն է, նաեւ` առաքելութիւնը, հասնիլ բոլորին, օժանդակել բոլորին, հասկնալ եւ ընդունիլ բոլորին ունակութիւնները եւ մանաւանդ` հարցերը: Այս բոլորին վրայ աւելցնենք նաեւ հանրային կարծիքի, շրջապատի, ծնողներու անտեղեակութիւնը, գիտելիքներու անբաւարար իրավիճակը, եւ երբեմն նոյնիսկ` անհանդուրժողականութիւնը, ինչ որ անարդար է` թէ՛ մասնագիտական եւ թէ՛ մարդկային առումով:

Մ. Պ.- Մեր կրթական հաստատութիւններուն մէջ անշուշտ կան դժուարութիւն ունեցող մանուկներ, կան դժուար պարագաներ, որոնցմէ կը խուսափինք, որովհետեւ տակաւին պատրաստ չենք ընդունելու զանոնք: Ընդհանուր առմամբ, չունինք մարդուժ, պէտք եղած կրթական ծրագիրները, նիւթական կարելիութիւնները եւ բաւարար իրազեկում: Կը խուսափինք ընդհանրապէս «autism» ունեցող մանուկներէն, որովհետեւ չենք գիտեր ինչպէս  վարուիլ անոնց հետ, կը խուսափինք ծանր «IMC» (Infirmité motrice cérébrale – զանազան ջղային հարցերու դրութիւն, որ կ՛ազդէ մանուկին շարժումին ու հաւասարակշռութեան վրայ), «trisomy» կամ «polyhandicap» ունեցող մանուկներէն:

Կրնամ ըսել, որ մեր գաղութը գրեթէ ծանօթ չէ ներառական կրթութեան, եւ այս մէկը արգելք կը հանդիսանայ, որ չյառաջդիմենք, որովհետեւ այսպիսի բանի մը առաջին քայլը իրազեկումն է, երկրորդը ընդունիլը, իսկ երրորդը` գործադրելը.  գաղութը դեռ առաջին քայլին վրայ է:

Հ.- Որքա՞ն անհրաժեշտ է յատուկ ծրագիրներ ներառել մեր դպրոցներուն մէջ: Օտար վարժարաններ ունի՞ն նման ծրագիրներ:

Շ. Խ.- Լիբանանահայ սակաւաթիւ վարժարաններ սկսած են ընդունիլ նման պարագաներ եւ կարելի եղած միջոցներով օժանդակել անոնց: Անոնք ունին հոգեբան խորհրդատուներ, որոնք կը զբաղին այս պարագաներով եւ կը ջանան կիրարկել յարմարագոյն մեթոտները: Այս ծիրէն ներս կարելի է անդրադառնալ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի ստեղծած ներառական կրթութեան բաժանմունքին, որ կը գործէ յատուկ անձնակազմով եւ կը կատարէ կրթական-ակադեմական ծրագիրներու պատշաճեցում:

Հարկ է, որ լիբանանահայ բոլոր վարժարանները  նախաձեռնեն գործնական միջոցներու, որպէսզի ստեղծուի յատուկ համակարգ` տուեալ աշակերտներուն համար: Հարկ է որդեգրել մասնագիտական մօտեցում, կատարելագործուած աշխատելաձեւ: Մինչեւ օրս առնուած քայլերը ողջունելի են եւ խոստումնալից, սակայն կը կարօտին յաւելեալ  ժամանակի, փորձառութեան, մասնագիտացած մարդուժի եւ նիւթական աղբիւրներու:

Լիբանանը ընդհանրապէս այս իմաստով մեծ թիւով որակաւոր եւ մասնագիտական ծրագիրներ չունի: Պետական  վարժարանները տակաւին ներառական կրթութիւն չեն կիրարկեր. սակայն կան կարգ մը սեփական վարժարաններ, որոնք  ունին լաւապէս ուսումնասիրուած եւ արդիւնաւէտ ծրագիրներ, որոնց փորձառութենէն  հարկ է օգտուիլ եւ պատշաճ ձեւով կիրարկել զանոնք մեր վարժարաններուն մէջ: Այս մէկը պէտք է դառնայ գաղութին կրթական հիմնահարցերէն մէկը, որպէսզի իւրաքանչիւր հայ աշակերտ ունենայ արդար առիթը` ստանալու որակաւոր կրթութիւն:

Մ. Պ.- Վերջին 2-3 տարուան ընթացքին երիտասարդ ուսանողները սկսած են հետաքրքրութիւն ցուցաբերել այս ճիւղերուն հանդէպ, որովհետեւ սկսած են անդրադառնալու, որ այս մանուկները պէտք ունին յատուկ ծրագիրներու: Կը կարծեմ, թէ այս երիտասարդները պիտի կարենան նորութիւն բերել հայ վարժարաններուն մէջ, ինչ որ շատ քաջալերելի է:

Օտար վարժարաններու մէջ արդէն կը տրուի այս հոգատարութիւնը: Եթէ հայկական կեդրոններ կամ յատուկ դպրոցներ չունենանք, շատ մը մանուկներ պիտի ստիպուին օտար դպրոցներ յաճախել: Բայց այս դպրոցներուն մէջ մանուկը յաճախ կը տառապի, որովհետեւ արդէն դժուարութիւն ունի լեզուի մը տիրապետելու, եւ ասոր կողքին կ՛աւելնայ օտար լեզուով ուսուցիչին հետ կապ պահելու եւ օտար լեզուով արտայայտուելու դժուարութիւնը: Այս երեխաները կը ստիպուին տիրապետել ֆրանսերէնին, անգլերէնին, արաբերէնին եւ երբեմն նոյնիսկ կը մոռնան հայերէնը: Աւելի դժուար պարագաներու, ծնողներուն կը ստիպեն նաեւ տան մէջ հայերէն չխօսիլ, այլ` օտար լեզու, որպէսզի մանուկը վարժուի այդ լեզուին եւ դպրոցին մէջ դժուարութիւն չունենայ: Այս ձեւով հայ մանուկներ կը կորսնցնենք: Հետեւաբար շատ անհրաժեշտ կը գտնեմ մեր դպրոցներուն մէջ յատուկ ծրագիրներու կիրարկումը:

Հ.- Ինչպէ՞ս կը տեսնէք յատուկ պարագայ ունեցող անհատներուն ապագան եւ անոնց իրավիճակը, երբ անոնք առանց իրենց ուսումը աւարտելու գործի առիթներ չունենան: Իրազեկումի եւ յանձնառութեան միջոցները ի՞նչ են:

Շ. Խ.- Երբ մասնագիտական եւ ուսումնասիրուած ձեւով աշխատանք չի տարուիր օժանդակելու այս պարագաներուն, մեծ է հաւանականութիւնը, որ այս աշակերտները թերաւարտ ըլլան եւ չստանան երկրորդական ուսում, չհասնին համալսարան, չկարենան ունենալ յաջող ասպարէզ:

Այս մէկը կրնայ իրենց ապագայ կեանքին վրայ վատ անդրադարձ ունենալ, գործի առիթներ չեն ստեղծուիր իրենց համար, եւ անոնց կեանքը կը դառնայ դժուար: Հետեւաբար, պետական մակարդակով եւ անհատական նախաձեռնութիւններով, հարկ է հետեւողական աշխատանք տանիլ եւ ճիգ չխնայել, որ յատուկ կարիքներ ունեցող աշակերտներ ներառուին կրթական համակարգէն ներս, ստանան համապատասխան օժանդակութիւն, զինուին գիտելիքներով, կրթութեամբ, կեանքի հմտութիւններով, պատասխանատու վարուելակերպով` երաշխաւորելու համար անոնց յաջող ապագան: Կրթական հաստատութիւնները պէտք է խաղան ռահվիրայի դեր, որպէսզի անոնց որդեգրած հանդուրժողութիւնը եւ լուրջ մօտեցումը դառնան վարակիչ` ամբողջ հանրութեան:

Մ. Պ.- Այն մանուկները, որոնք իրենց դժուարութեան պատճառով չեն կրնար դպրոց յաճախել, աւարտել իրենց ուսումը նոյնիսկ օտար դպրոցներուն մէջ, նիւթական կամ լեզուական դժուարութիւններու պատճառով, կը դառնան բեռ` իրենց ծնողքին եւ ապա նաեւ գաղութին: Ուրեմն  շատ կարեւոր է, որ այս մանուկները յատուկ տեղ ունենան կրթական ծրագիրին մէջ կամ յատուկ վարժարան մը հիմնուի իրենց համար` իբրեւ առաջին քայլ: Երկրորդ քայլը դրական մօտեցումով անոնց իրավիճակը ընդունիլն է, որ շատ կարեւոր է եւ անպայման պէտք է ըլլայ ծնողներուն, ուսուցչական կազմերուն, երիտասարդութեան կողմէ: Արդարեւ, երիտասարդութիւնն է, որ պիտի ուսանի այս ճիւղերը եւ ապագային առիթը ունենայ աշխատելու այսպիսի աշակերտներու հետ:

Կրնամ ըսել, թէ կրթանպաստներ պէտք է ապահովել այս ճիւղերուն համար, որպէսզի երիտասարդները մղուին այս ճիւղերը ընտրելու: Կ՛առաջարկեմ նաեւ, որ այցելութիւններ տրուին օտար դպրոցներ, սորվելու եւ հետաքրքրուելու համար անոնց պատրաստած ծրագիրներուն մասին:

«ԶԱՒԱՐԵԱՆԱԿԱՆ ԷՋ»-Ի ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

Share this Article
CATEGORIES