Բարձրորակ Կրթութեան Պիւտճէն
ՇԱՂԻԿ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գաղութային առօրեայ հարցերու շարքին կարեւորագոյններէն կը նկատուին հայկական վարժարաններու տնտեսական տագնապը եւ կրթական մակարդակի անկումը: Յաճախ կը մտածենք լուծումներու մասին: Ընդհանրապէս այդ լուծումները կը մոռցուին խօսակցութեան աւարտին, կամ շատ հաւանական է, որ զրոյցը եզրափակենք` «դրամէն լուր տուր» արտայայտութեամբ: Հակառակ պարագային, երբ աւելի գործնական քայլեր նախաձեռնել ուզենք` հայկական վարժարաններու մէջ բարենորոգումներ կատարելու, առաջին գործը կ՛ըլլայ հովանաւորներու փնտռտուքի աշխատանքը` փոխանակ սեղանի վրայ դնելու չնչին պիւտճէով իրագործելի լուծումները:
Ճիշդ է, որ դպրոց մը պահելու առաքելութիւնը կարիք ունի որոշ գումարի` բաւարարելու համար պաշտօնէութիւնը եւ հոգալու դպրոցին նախնական պէտքերը: Սակայն, անկէ անդին, կարծես համոզուած ենք, որ հայկական վարժարաններու կրթական որակի բարձրացումը կը կարօտի հսկայական գումարներու: Այդպէս է համոզմունքը, որովհետեւ կրթական որակի բարձրացումը կը շփոթենք շքեղ կառոյցով եւ արդիական շէնքերով դպրոցներու հետ: Այս առումով, լրջօրէն կը մտածենք նոր եւ նիւթական աւելի լաւ պայմաններով դպրոց հիմնելու մասին, յուսալով, որ կրթական եւ տնտեսական հարցերու լուծում մը հանդիսանայ այդ մէկը: Արդիական եւ մեր երեւակայածէն աւելի արհեստագիտական ծարաւը յագեցնող շէնքեր` չեն նշանակեր ուսման բարձր մակարդակ:
Հայկական վարժարաններու կրթական որակի բարձրացումը, նիւթականէ աւելի, կը պահանջէ գործելաձեւի փոփոխութիւն: Իսկական ուսման որակի բարձրացման լուծումները կը կայանան ընդհանրապէս դպրոցի մէջ որդեգրուած վարչական դասաւորումներու` «վըրթիքըլ փրոկրեշըն»-ի (1) եւ կրթական ծրագիրի հանգրուանային «քրիքիուլըմ էլիկնմընթ-alignment»-ի (2) ճիշդ մշակման մէջ ու մասնաւորապէս դասարանին մէջ որդեգրուած մեթոտներուն եւ ռազմավարութիւններուն մէջ: Վարչական դասաւորումներու ծիրին մէջ ուսուցիչներու ու տնօրէնութեան միջեւ համակարգումը, նիւթերու բաժանմունքներու ստեղծումը եւ դասաւանդուած նիւթերու միջեւ կապ ստեղծելը «սապճեքթ ինթիկրէյշըն» (3) կրթական գետնի վրայ անհրաժեշտութիւններ են, որոնք կ՛ապահովեն ամբողջական կրթական բարձր որակ եւ մասնագիտական մօտեցում: Արդի մանկավարժական, հոգեբանական եւ գիտական մօտեցումի, ինչպէս նաեւ արդի ոչ ծախսալից մեթոտներու որդեգրման աշխատանքին պակասն է, որ չի բաւարարեր բարձր մակարդակի ուսման պայմանները մեր հայկական վարժարաններուն մէջ:
Հարկ եղած վարչական փոփոխութիւններէն առաջ, պէտք է ըմբռնել արդի դասարաններու մէջ տեղի ունեցած ուսուցիչի որոշ դերերու փոփոխութիւնները: Այսօր ուսուցիչները չեն ներկայացներ աշակերտին գիտելիքի միակ աղբիւրը: Գիտելիքը տրամադրուած է աշակերտներուն համացանցի յեղափոխութեան իբրեւ արդիւնք: Ուսուցիչին կը մնայ արդի մանկավարժական ձեւերով ուղղել աշակերտին մտայնութիւնը եւ աշխատիլ, որ ան կիրարկէ որոշ հմտութիւններ, որոնք պիտի զարգացնեն անոր քննադատող միտքը եւ հարցեր լուծելու կարողութիւնները: Հետեւաբար, որպէսզի ուսուցիչները ըլլան ճիշդ ուղղութիւն տուողներ, զանց առնելու համար որեւէ սխալ մտապատկերի ըմբռնում աշակերտին մօտ, անհրաժեշտ է, որ անոնք նոյնիսկ շարունակաբար սորվին նորագոյն ռազմավարութիւններու գործադրութեան ձեւերը, զարգացնեն իրենց գիտելիքներն ու հմտութիւնները, փոխելու եւ զարգացնելու իրենց դերերը:
Ուսուցիչի կարեւորագոյն դերերէն մէկը հարկ է նկատել դրական տրամադրութիւն ներշնչելը աշակերտներուն մօտ, որպէսզի անոնք վարժուին ըլլալ ինքնաբաւ եւ պատասխանատուութիւն զգան իրենց սեփական ուսման: Դրական տրամադրութիւն ստեղծել ըսելով` կը հասկնանք աշակերտներու տեւական մասնակցութիւն ապահովելը դասարանին մէջ ներկայացուած նիւթին կապակցութեամբ, ըլլան անոնք հարցումներու եւ զրոյցներու միջոցով կամ տեսանիւթերու, ներկայացումներու ու վերլուծական «հենտզ – ան» (4) վարժութիւններու ընդմէջէն: Այս վարչութիւնները առիթ կու տան աշակերտին փորձառութիւններ շահելու, հարցեր մեկնաբանելու եւ քննարկելու գետնի վրայ: Հետեւաբար արդի դասարաններու մէջ ուսուցիչը կ՛ուղղէ աշակերտը` մտածելու եւ տրամաբանելու դասաւանդուած նիւթը յիշեալ վարժութիւններու միջոցով: Դրական տրամադրութիւն ստեղծելու համար անհրաժեշտ է նաեւ, որ դասարանին մէջ գիտելիքները հրամցուին մէկէ աւելի ձեւերով` գոհացնելու համար իւրաքանչիւր աշակերտի ըմբռնելու ձեւերը: Միայն դասախօսութեան միջոցով փոխանցուած գիտելիքները կրնան չհամապատասխանել աշակերտին ըմբռնելու լաւագոյն միջոցին: Առ այդ, արդի դաստիարակչական մեթոտները` «էքթիվ էնտ ինթըրէքթիվ լըռնինկ»-ի (5) վարժութիւններու օգտագործումը, ինչպէս նաեւ փոխանցուած մտապատկերներու առօրեայ օրինակներու կապակցութիւնը կ՛երաշխաւորեն աշակերտին յղացական հասկացողութեան «քոնսեփչուըլ անտըրսթենտինկ»-ի (6) կազմաւորման:
Կրթական որակի հիմնական արդիւնքը կը քաղուի 16 տարուան մշակուած յաջորդական ծրագիրներու շնորհիւ: Պետական քննութիւններու յաջողութեան համեմատութիւնը վարժարանի կրթական որակէն բաժին մը կը ներկայացնէ միայն: Որակը կը կայանայ աշակերտին ընդհանուր եւ ամբողջական մտային կազմաւորման մէջ տասնվեց տարուան հետեւողական աշխատանքին իբրեւ արդիւնք, երբ փոքր տարիքէն սկսած` պատմութեան ընթերցումներու ընդմէջէն մինչեւ բարձր դասարաններու մէջ քննադատական մտածողութեան եւ փոխգործակցութեան ու արժէքներու կազմաւորման աշխատանքին իբրեւ արդիւնք կը մշակուի ուսումնական ամբողջական մօտեցում` «հոլիսթիք էփրոչ» (7): Այս մօտեցումով դաստիարակուած աշակերտներ կը դառնան գաղութի ընկերային խնդիրներ լուծելու միջոց: Նկատի ունենալով, որ այսօրուան դաստիարակուած եւ հայկական վարժարաններու մէջ կրթութիւն ստացած աշակերտները պիտի դառնան մեր ապագայի ղեկավարները, ուսուցիչները, ծնողները, մեր բոլորիս պարտականութիւնն է ներդրում ունենալ` պատրաստելու առողջ եւ քննադատական մտածողութեամբ հայ քաղաքացիներ, որոնք պիտի հաստատեն գաղութի շարունակութիւնը:
Անշուշտ բարերարներու օժանդակութիւնները կարելի է օգտագործել ուսման մակարդակը հասցնելու շատ աւելի բարձր աստիճանաչափի, հայկական վարժարաններու մէջ «վըրչուըլ լեպ»-ի (8) ծրագիրներ ներառելով, ինչպէս նաեւ դպրոցական արտակարգ դաստիարակչական այցելութիւններ կազմակերպելով, որոնք կը պահանջեն բաւական մեծ գումարներ: Սակայն բոլոր վարժութիւնները եւ որդեգրուած բարձրորակ ռազմավարութիւնները, որոնք կը ծառայեն «հոլիսթիք էփրոչ»-ի իրականացման, կը գտնուին գրեթէ բոլորովին ձրի կամ կը կարօտին շատ չնչին գումարի, որ կրնայ ապահովուիլ նոյնիսկ բարերարներու փնտռտուքէն առաջ:
Այս ձեռնարկումները անխուսափելի եւ անհրաժեշտ են, որովհետեւ ժամանակը կը սահի, եւ մենք կը գտնուինք ուսման որակի անկումին ահազանգին առջեւ: Գաղութը այս առաքելութեան մէջ կը յաջողի, երբ շեշտը կը դնէ առողջ մտքով աշակերտներ պատրաստելու եւ ոչ գեղեցիկ ու արդիական շէնքեր շինելու վրայ: Մարդ պատրաստենք… ոչ թէ դատարկ վարժարաններ պատենք:
«Ուսուցիչ պարոննե՛ր եւ քոյրեր, զգուշութեամբ ու երկիւղածութեամբ մօտեցէք դաստիարակութեան գործին, խիստ նուրբ պաշտօն մըն է ձերը: Դաստիարակելու կոչուած էք սերունդ մը, որ ապագան է ազգի: Սխալ ուղղութեամբ` ազգ մը կը կործանէք վերջը»: ԿՈՄԻՏԱՍ
1) Vertical progression.- Ուսուցման նպատակներու ժամանակագրական յաջորդականութիւն:
2) Curriculum alignment.- Ուսուցման միջավայր, ուր ուսուցման մօտեցումները եւ գնահատման ձեւերը կը համապատասխանեն կրթական ծրագրին, հասնելու համար ցանկալի ուսուցման նպատակներին:
3) Subject integration.- Ուսուցուած տարբեր նիւթերու միջեւ կապի ստեղծում, դասաւանդուած նիւթերու շաղկապում ընդհանուր համակարգի մը տակ:
4) Hands-on activiy.- Վարժութիւններ, որոնց մէջ ուսանողը իր անհատական մասնակցութիւնը կը բերէ:
5) Active and interactive learning.- Ուսուցանութեան մեթոտ, որուն միջոցաւ ուսանողները կը բերեն իրենց մասնակցութիւնը հասնելու գիտելիքներու եւ խնդիրներու լուծումներու: Օրինակ` խմբային աշխատանք, զրոյց, բանավէճ…
6) Conceptual understanding.- Մտապատկերներու ամբողջական հասկացողութիւն խուսափելով գոցաբանութենէ:
7) Holistic approach.- Ամբողջական կրթութեան փիլիսոփայութիւն, ուր իւրաքանչիւր ուսանող կը գտնէ իր ինքնութիւնը մարդասիրական արժէքներու նկատմամբ:
8) Virtual lab.- Անշօշափելի աշխատանոց, որ software program-ի միջոցաւ ուսանողը կը կատարէ վարժութիւններ:

