Մանուչարեան Ղազախստանի Մէջ Հանդէս Գալու Առաջարկներ Ստացած Է

edgar20022014Ինչպէս ծանօթ է, ներկայիս Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի 27 տարեկան յառաջապահը` Էտկար Մանուչարեան, նոր ակումբ մը փնտռելու աշխատանքին մէջ է:

Մէջբերելով Sport.kz կայքին հրապարակած մէկ լուրը` ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը յայտնէ, որ հայ ֆութպոլիստը Ղազախստանի մէջ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակելու քանի մը տարբերակներ ունի: Սակայն ան վերջնական պատասխան մը չէ տուած:

Ներկայիս Մանուչարեան կը գտնուի Հոլանտայի մէջ, ուր ակումբ չգտնելու պարագային մինչեւ 28 փետրուար պէտք է վերադարձած ըլլայ Ուրալ Եքաթերինպուրկ (Ռուսիա), որուն կը պատկանի անոր ստորագրութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES