Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Մութթահետի 4-րդ Յաղթանակը

Հուփս - Մութթահետ երէկուան մրցումէն PROFOTO

Հուփս – Մութթահետ երէկուան մրցումէն
PROFOTO

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան Միշել Մըրի անուան համալիրը հիւրընկալեց Հուփս-Մութթահետ մրցումը:

Հիւսիսի կազմը` Մութթահետ, արձանագրեց իր 4-րդ յաղթանակը, 87-66 արդիւնքով պարտութեան մատնելով հիւրընկալ կազմը (17-17, 38-48, 53-73 եւ 66-87):

Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Հուփսի մարզիկներէն Էշթըն Կիպզ (26), Հուփսի մարզիկներէն Հասան Ուայթսայտ նշանակեց 25 կէտ, իսկ անոր խմբակից Չարլզ Թապեթ նշանակեց 18 կէտ:

Նշենք, որ երկու կազմերուն օգնական մարզիչները հայեր են: Հուփսինը` Մանուէլ Հալեճեան, իսկ Մութթահետինը` Սարգիս Քորճեան:

Այսօր` ուրբաթ, Ամշիթ բաւական կարեւոր մրցում մը ունի կատարելիք, երբ հիւրընկալէ ցարդ անպարտելի Ռիատի Պէյրութը: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Ամշիթի դաշտին վրայ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 18:00-ին:

6-րդ հանգրուանը կ՛աւարտի վաղը, երբ յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին Ղազիրի մէջ Թատամոն կը հիւրընկալէ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբը:

 

Share this Article
CATEGORIES