Արսենալ Քասիասի Համար Պատրաստ Է Վճարել 20 Միլիոն Եւրօ
ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը երէկ յայտնեց, որ Արսենալ շատ մօտէն հետաքրքրուած է Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի բերդապահ Իքեր Քասիասով, որ կ՛ուզէ այս տարեշրջանի աւարտին լքել իր ակումբը Ռէալ Մատրիտը:
Ըստ սպանական «Մարքա» օրաթերթին, լոնտոնեան ակումբը արդէն իսկ սկսած է իր բանակցութիւններուն եւ անոր փոխանցման համար պատրաստ է վճարելու 20 միլիոն եւրօ:
Այնպէս կը թուի, որ Արսենալ մտադիր է ամէնէն արագ միջոցին շուտ համաձայնութիւն մը գոյացնել արքայական ակումբին հետ, որպէսզի համոզուած ըլլայ, որ սպանացի Քասիաս «Լա լիկա»-ի 2013-2014 տարեշրջանի աւարտին պիտի տեղափոխուի Լոնտոն:
CATEGORIES Մարզական

