Անթուան Շարթիէ Նշանակուեցաւ Մոն Լա Սալ Ակումբի Պատուոյ Նախագահ
Այն Սաատէի մէջ գտնուող իր կեդրոնատեղիին մէջ իր գումարած ժողովէն ետք Մոն լա Սալ ակումբը պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ ակումբի եւ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախկին նախագահ Անթուան Շարթիէ նշանակուեցաւ պատուոյ նախագահ:
Բոլոր ներկաներուն ուղղած շնորհաւորանքի իր խօսքէն ետք (նոր ընտրութիւններուն առիթով), Մոն լա Սալի նախագահ Ժիհատ Սալամէ նախագահեց հերթական ժողովին, որուն ընթացքին հրապարակուեցաւ 2014 տարուան ծրագիրը եւ տարբեր տեսակի մարզախաղերուն յայտագիրը:
CATEGORIES Մարզական

