ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ԸՍՏ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին, Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին անդամ եղող լիբանանցի դատաւորները առանձին-առանձին եւ տարբեր ուղղութիւններով ուղղուած են Լա Հէյ: Նոյն օրաթերթը նկատել տուաւ, որ այդ մէկը նախանշան է, որ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան գծով նախնական ամբաստանութիւնը պիտի հրապարակուի յուլիս ամսուան սկիզբը:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան նախկին ղեկավար Քերիմ Բագրատունի շեշտեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին վերաբերեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յարմարագոյն ու լաւագոյն բանաձեւը ունի ու այդ բանաձեւը պիտի ներառուի կառավարութեան մշակելիք աշխատանքային ծրագիրին մէջ:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ալի Հասան Խալիլ շեշտեց, որ բացարձակապէս արգիլուած է հիւանդանոցներուն շտապ օգնութեան պարագայի մը օգնութեան չփութալու կամ այդ պարագան հիւանդանոցէն ներս չառնելու դրութիւնը:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման կ՛ուղղուի Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումին հետ դաշնակցելու` 2013-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ կառավարութեան դիմաց լուրջ մարտահրաւէրներ կան, սակայն ան կարողութիւնը ունի շրջանցելու ներկայ հանգրուանը եւ աշխատելու ի խնդիր լիբանանցիներու շահերուն իրականացման:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ իսրայէլեան երկու օդանաւեր ոտնձգութիւններ գործած են լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ, երբ անոնք թռիչքներ գործած են հարաւային Լիբանանի, Պեքաայի, Ալմա Շաապի եւ Ռմէյշի վերեւ:
ԱՐԱԲԱԿԱՆ Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ լոյս տեսնող «Խալիժ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի վրայ մեծ ճնշումներ կը բանեցուին, որպէսզի Լիբանանի կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը Միջազգային դատական ատեանին մասին յստակ բանաձեւ մը բովանդակէ: Նոյն օրաթերթին համաձայն, այդ ատեանին կողմէ նախնական ամբաստանութիւնը առաւելագոյնը մինչեւ յառաջիկայ յուլիսի կէսը պիտի արձակուի:
ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն կարելի եղածին չափ արագ աւարտելու կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը:
ԸՍՏ «Հայաթ» օրաթերթին, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ գործակցաբար պիտի կարենայ կառավարութեան աշխատանքային ընդունելի ծրագիր մը մշակել:
«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթ. «Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն հետ հաղորդակցութիւններ եւ խորհրդակցութիւններ կը կատարէ` կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ Միջազգային դատական ատեանին վերաբերող կէտին շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու նպատակով»:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի յայտնեց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը լաւ ձեւով կը պատրաստուի` աւելցնելով, որ այդ ծրագիրը մօտիկ ապագային կարելի պիտի ըլլայ հրապարակել:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ Լիբանանի նորակազմ կառավարութիւնը պէտք է պահպանէ Սուրիոյ հետ Լիբանանի հեզասահ յարաբերութիւնները:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Ֆարես յայտնեց, որ Լիբանանը յուզող հիմնական հարցերը պիտի քննարկուին եւ լուծում պիտի գտնեն կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը մշակելէ ետք:
ՊԵՔԱԱՅԻ մէջ Հըզպալլայի պատասխանատու շէյխ Մոհամետ Եաղի շեշտեց, որ այս հանգրուանին Լիբանանի դէմ իսրայէլեան որեւէ ներխուժում աննախատեսելի է: