ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՍՈՒՐԻՈՅ ԶՕՐԱԿՑՈՂ ԵՒ ԸՆԴԴԻՄԱՑՈՂ ՑՈՅՑԵՐ
Անցեալ շաբաթավերջին Լիբանանի տարբեր շրջաններու մէջ Սուրիոյ վերաբերող երկու հակասական ցոյցեր կատարուեցան:
Արդարեւ, Թրիփոլիի մէջ ուրբաթ օրուան նամազէն ետք տասնեակներ ցոյց կատարեցին` «դատապարտելով Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած բռնարարքները», ինչպէս նաեւ Սուրիոյ ժողովուրդին զօրակցող կարգախօսներ արտասանեցին: Այս ծիրին մէջ նաեւ աղօթք կատարուեցաւ դէպքերու զոհերուն հոգիներուն համար: Ապահովական ուժեր հաստատեցին, որ ցոյցին ընթացքին ոչ մէկ դէպք արձանագրուեցաւ, եւ շրջանին մէջ կացութիւնը բնականոն էր:
Լիբանանի մէջ սուրիական գաղութի զաւակները Համրայի մէջ` Կեդրոնական դրամատունէն մինչեւ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպանատուն քայլարշաւ կատարեցին` սուրիական եւ Ղովմի կուսակցութեան դրօշակներ բարձրացնելով: Քայլարշաւին մասնակիցները նաեւ կը կրէին պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էին կարգախօսներ` Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի զօրակցող, ինչպէս նաեւ սուրիական ազգային միասնականութիւնն ու կայունութիւնը դրուատող:
Երբ քայլարշաւին մասնակիցները հասան Սուրիոյ դեսպանատուն, զանոնք դիմաւորեց Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քարիմ Ալին, որ հաստատեց ամերիկեան ու իսրայէլեան դաւերուն ձախողութիւնը: Ան շեշտեց, որ Սուրիա արաբականութեան բերդը պիտի շարունակէ մնալ: