«ՄԵՆՔ ԿԱՌՉԱԾ ՊԻՏԻ ՄՆԱՆՔ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԵԱՆ» ՇԵՇՏԵՑ ՍԻՆԻՈՐԱ

Նախկին վարչապետ, երեսփոխան Ֆուատ Սինիորա «Աժիալ Սայտա» դպրոցի աւարտական հանդէսին ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ իրենք կառչած կը մնան ժողովրդավարութեան եւ անոր սկզբունքներուն, որոնցմով մնայուն պայքար մղած են զէնքի հասկացողութեան դէմ:

Ան շեշտեց, որ իրենք կը ներկայանան իբրեւ ժողովրդային ընդդիմութիւն, որ իր ինքնութեան եւ շրջապատին հետ ներդաշնակ է:

Սինիորա դիտել տուաւ, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն, որպէսզի լիբանանեան պետութիւնը վերստին իր հակակշիռը բանեցնէ Լիբանանի վրայ եւ ամրապնդէ երկրին ազատութիւնը, անկախութիւնը, գերիշխանութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES