ԶՕՐ. ԱՈՒՆ. «ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ՆՈՐ ՄԵԾԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿՐՑԱՒ ՑՆՑԵԼ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՏԻՐՈՂ ՄԱՖԻԱԿԱՆ ԿԱՅՍՐՈՒԹԻՒՆԸ»

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան  զօր. Միշել Աուն շաբաթավերջին ներկայ գտնուեցաւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան Պաապտայի մասնաճիւղին կազմակերպած ընթրիքի երեկոյին, որուն ընթացքին արտասանեց ճառ մը, որուն մէջ շեշտեց յառաջիկայ հանգրուանին արձանագրուած նուաճումները պահպանելու առումով կատարուելիք տքնաջան աշխատանքին կարեւորութիւնը:

Զօր. Աուն ընդգծեց նաեւ, որ խորհրդարանական նոր մեծամասնութիւնը կրցած է ցնցել երկրին մէջ տիրող մաֆիական կայսրութիւնը` աւելցնելով,  որ իրենք ենթարկուած են փտածութեան ամբաստանութիւններուն, «սակայն իրականութեան մէջ յառաջիկային պիտի յայտարարուի, թէ ճշմարիտ եւ իսկական աւազակները ովքե՛ր են եւ հայրենիքը կարելի պիտի ըլլայ կերտել բարոյական սկզբունքներու վրայ», ըսաւ ան:

 

Share this Article
CATEGORIES