ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ՊԷՅՐՈՒԹ

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Վատիկանէն վերադարձաւ Պէյրութ` Պենետիկտոս ԺԶ. պապին եւ Վատիկանի հոգեւորականներուն հետ հանդիպումներ ունենալէ ետք:

Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ Ռայի պատրիարքը դիմաւորեցին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ներկայացուցիչ, նախարար Նազեմ Խուրին եւ մարոնի առաջնորդներ ու բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ:

Ռայի պատրիարքը Պէյրութի միջազգային օդակայանէն յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի նախագահած նորակազմ կառավարութիւնը Պենետիկտոս ԺԶ. պապին օրհնութիւնը եւ բարեմաղթութիւնները ստացած է:

Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ Վատիկան կը զօրակցի Լիբանանի սահմանադրական հաստատութիւններուն:

 

Share this Article
CATEGORIES