ՖՐԵՆԺԻԷ. «ՀՊԱՐՏ ԵՆՔ ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ՄԵՐ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ»

Ֆրենժիէ կը դասախօսէ

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ իր նախագահած քաղաքական հոսանքին Պնաշյիի կեդրոնին մէջ դասախօսութեան մը ընթացքին հաստատեց, որ Մարատա հոսանքին նպատակը ապագայ Լիբանանի կերտումն է:

«Լիբանան մը, որ պահպանէ իր արաբականութիւնը, Իսրայէլին դիմադրելու իր իրաւունքը, ինչպէս նաեւ պահպանէ իր համայնքային ազատութիւնները, բազմազանութիւնն ու իւրայատկութիւնը: Մենք կը փափաքինք կերտել Լիբանան մը, որ ոչ մէկ համայնքի ենթակայ է, այլ` հոն ապրող բոլոր համայնքներուն միասնականութեան եւ համերաշխութեան վկան է», շեշտեց Ֆրենժիէ:

Ֆրենժիէ մաղթեց, որ Մարատա հոսանքը մնայ քաղաքական իր դիրքին վրայ եւ անշեղ ու անզիջող մնայ իր սկզբունքներէն: «Մենք կը փափաքինք այս երկրին համար փայլուն ապագայ մը կերտել եւ հպարտ ենք Դիմադրութեան զօրակցելով, որովհետեւ թշնամի Իսրայէլի դէմ պայքարը մեր համոզումներուն մաս կը կազմէ», ըսաւ ան:

Share this Article
CATEGORIES