«Ճանաչել Զիմաստութիւն Եւ Զխրատ, Իմանալ Զբանս Հանճարոյ»
ՀՐԱՉ ՏԱՍՆԱՊԵՏԵԱՆ
Հայ դպրութեան եւ մշակոյթի նոր ու շքեղ համալիր մը պիտի բարձրանայ այստեղ, լիբանանեան ազնիւ ու հարազատ հողի ընդարձակ սա տարածութեան վրայ, որպէս բնական այլ մի՛շտ թարմացող, մի՛շտ ճոխացող շարունակութիւնը հայկական քաղաքակրթութեան լուսեղէն շաւիղին եւ հայ ոգիի ու նկարագրի աննուաճ այդ Ձայնին: Իբրեւ մէկ նոր ու շողարձակ օղակը հայ մտքի եւ մշակոյթի պատմութեան ոսկեղէն շղթային: Իբրեւ նոր ու արդիական Տաճար` ուր անմահ Աղբալեանի բառերով. «Աղօթում են հայ մշակոյթի սուրբերին»: Իբրեւ հայակերտումի նոր ու ընդարձակ դարբնոց, հայեցի ապրումներու նոր ու մշտարծարծ վառարան, Մեսրոպեան բարբառի նոր ու բուրումնաւէտ ծաղկաստան, հայագիտութեան նոր ու վաւերական կեդրոն: Եւ այս բոլորով իսկ, եւ այս բոլորի ճամբով, այս բոլորի բերելիք նպաստովը` Լիբանանին ու քաղաքակիրթ մարդկութեան` իբրեւ մարդակերտումի նոր եւ արգասաբե՛ր աշխատանոց:
Այստեղ, այս պահուս, ոգեղինացած իրենց էութեամբ, մեր կողքին են ու մեր մէջ` Համազգայինի հիմնադիրներն ու բազմավաստակ բոլո՛ր գործիչները,- Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետներ` Համօ Օհանջանեանն ու Սիմոն Վրացեանը, Համազգայինի անդրանիկ Ճեմարանի հիմնադիրներ` Լեւոն Շանթն ու Նիկոլ Աղբալեանը, եւ տակաւին` Գասպար Իփէկեանն ու Բարսեղ Կանաչեանը, Յակոբ Տէր Մելքոնեանն ու Ատուր Գապագեանը, եւ շա՜տ ուրիշներ: Այստեղ, այս պահուս, ոգեղինացած անոնց էութիւնը կը հրճուի, կը լեցուի արդար հպարտանքի նո՛ր ալիքներով, եւ ընդմի՛շտ կ՛օրհնէ սրբազան այն Գործը, որու առաջին դարբիններն ու անառարկելի վարպետները հանդիսացան իրենք` իրենց հմտութեամբ, կորովով ու նուիրումով, հայ դպրութեան եւ մշակոյթի իրենց պաշտամունքով, եւ որուն շարունակականութիւնը կը տեսնեն այսօրուան խորհրդանշական այլ հանդիսաւոր արարողութեան մէջ:
Մեր կողքին, մեր մէջ, թող յաւիտեա՛ն մնայ ոգեղէն ներկայութիւնը անոնց, իբրեւ ուժի, կամքի, հաւատքի՛ աղբիւր, իբրեւ նուիրեալ աշխատանքի եւ կենդանի գործի մնայուն օրինակ, իբրեւ ամէնօրեայ ներշնչարան` հայ դպրոցով ու մշակոյթով զբաղուող մարդու, դաստիարակի, ուսուցչի, հասարակական գործիչի մեր հաւաքական թէ անհատական ներաշխարհին համար: Ու յաւէ՛տ վառ թող մնայ Համազգայինի Ջահը, հայ դպրութեան եւ մշակոյթի՛ ջահը, թող հարստանայ, նոր փայլ ու նո՛ր ճառագայթում ստանայ ան` կրթական նոր վառարաններով եւ մշակոյթի նոր կեդրոններով:
Մի՛շտ ի սպաս հայ մտքին ու հոգիին, եւ այդ ճամբով` համամարդկային քաղաքակրթութեան:
Ի նպաստ հայ արժէքներու ճոխացման, թարմացման, ծանօթացման, շողարձակման:
Ի շահ հայոց պատմութեան բարոյական-գաղափարական արդէն իսկ անկշռելի պարունակին յաւելեա՛լ հարստացման:
Ի փառս յաւերժական Հայաստանին:
28 Մայիս 1977

