Խորէն Ա. Կաթողիկոսին Խօսքը` Ճեմարանի Հիմնարկէքին Առիթով
Հոգեկան ցնծութեամբ եւ սրտի ամենախոր գոհունակութեան առիթը կ՛ընծայուի մեզի այսօր, յաղթանակի եւ ազատութեան խորհրդանիշ` մայիս 28-ի տօնին, որ միաժամանակ տօնն է մշակութային այլ յաղթանակի մը` Համազգայինի հիմնադրութեան, կատարելու հիմնարկէքը կրթական նոր օճախի մը` Համազգայինի Մելանքթոն Արսլանեան ճեմարանին:
Ազգերու եւ ժողովուրդներու կեանքին մէջ մեծ է եւ նուիրական դերը դպրոցին, ուր կը դարբնուին հասնող սերունդներու միտքերն ու հոգիները: Դպրոցներու ցանցը եւ դպրոցներու որակը, չափանիշներն են ժողովուրդներու իմացական եւ հոգեկան կեանքին եւ երաշխիքը անոնց առողջ գոյատեւումին:
Աւելի մեծ է եւ աւելի նուիրական դերը դպրոցին` հա՛յ ժողովուրդի կեանքին մէջ: Հայ դպրոցը սփիւռքի ցիրուցանուած տարածքին վրայ հզօրագոյն կռուանն է եւ անառիկ ամրոցը հայուն գոյութեան եւ տեւականութեան: Հո՛ն` հայ դպրոցին մէջն է, որ մեր ժողովուրդին սիրասուն մանուկները, իրենց ծաղիկ հասակին ու մատղաշ տարիքին պիտի սորվին Մեսրոպաշունչ մեր մեծասքանչ լեզուն եւ մեր պանծալի պատմութիւնը: Հո՛ն է, որ ազգային շունչ եւ առողջ դաստիարակութիւն պիտի ստանան անոնք, եւ պիտի կերտուի անոնց հայեցի նկարագիրը եւ` անաղարտ պիտի պահուի անոնց պայծառ դիմագիծը: Հո՛ն է, որ ազգային դրոշմ եւ ազգային կնիք պիտի դրուի անոնց անմեղ սիրտերուն եւ մաքուր հոգիներուն վրայ, եւ հո՛ն է դարձեալ, որ մեր զաւակները հոգեպէս ու բարոյապէս պիտի զինուին ու զրահուին այս աշխարհի այլասերող ու ապազգայնացնող բոլոր տեսակի չարիքներուն ու վտանգներուն դէմ, եւ պիտի ըլլան արի ու բարի, կորովի ու առաքինի ի սպառ անկորնչելի զաւակները հայկազեան ցեղին: Ահա թէ ինչո՛ւ անհուն ուրախութեամբ եւ անխառն բերկրանքով կը համակուինք ամէն անգամ որ նոր դպրոցի մը հիմնարկէքը կը կատարենք:
Ամէն նո՛ր դպրոց լուսեղէն սիւն մըն է հայուն ազգային շէնքը կանգուն պահող եւ անոր գոյատեւումը երաշխաւորող: Ամէն նո՛ր դպրոց նո՛ր ապացոյց մըն է հայօրէն ապրելու, հայօրէն ստեղծագործելու եւ մարդկային քաղաքակրթութեան մեր նպաստը բերելու մեր վճռակամութեան: Ամէն նո՛ր դպրոց շառաչուն նո՛ր ապտակ մըն է մեր դարաւոր թշնամիին, արիւնարբու թուրքին, որ փորձեց ոչնչացնել հայութիւնը համայն, եւ հայուն հողային արդար դատն ալ ի սպառ գերեզմանել: Վերջապէս, ամէն նո՛ր դպրոց նո՛ր զօրանոց մըն է մեր ինքնապաշտպանութեան` դէպի յաւերժութիւն մեր դժուարին ճանապարհին վրայ:
28 մայիս 1977, Անթիլիաս

