Հատուածներ` Ճեմարանի 1987-1988 Տարեշրջանի Տեղեկագիրէն
Տարիներու երազը իրականութեան վերածուած է:
Կառուցուած է, իր կարեւորագոյն մասով, Համազգայինի Մզհերի կրթական-մշակութային համալիրի թիւ 1 շէնքը: Անցնող տարեշրջանին այնտեղ գործեցին արդէն Արեւելեան Ճեմարանի միջնակարգ եւ երկրորդական բաժինները:
Թիւ 1 շէնքին կից, օրէ օր կը բարձրանայ անոր լրացուցիչ բաժինը` որ պիտի պարփակէ յաւելեալ 10 դասասրահներ, գիտաշխատանոցները, բազմանպատակ (polyvalent) սրահներ եւ փակ մարզավայրը:
***

Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեաններ
Կրթական մշակութային համալիրի կառուցման որոշումը փաստօրէն տրուած էր 1973-1974 երջանկայիշատակ տարեշրջանին, երբ Պէյրութի Մայր Հաստատութիւնը արդէն իսկ նեղ կու գար Նշան Փալանճեան Ճեմարանի շուրջ 1000 աշակերտներուն համար եւ դպրոցական երկրորդ կեդրոնի մը կարիքը սուր կերպով կը զգացուէր: Այդ օրերուն էր, որ քաջալերուած մանաւանդ ողբացեալ Մելանքթոն Արսլանեանի մեծագումար նուիրատուութեան խոստումէն, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը, կարեւոր պարտքերու տակ մտնելով, կրցաւ գնել Մզհերի հողաշերտը` 46,000 քառ. մեթր տարածութեամբ, այնտեղ ժամանակի ընթացքին բարձրացնելու համար նոր Ճեմարանի շէնքերը` սփիւռքահայութեան եւ յատկապէս լիբանանահայութեան պատիւ բերելու կոչուած կրթական-մշակութային համալիր մը:
Որպէսզի Ճեմարանն ու Հայագիտական Հիմնարկը շարունակէին գործել ըստ առաջնոյն` Հայ սփիւռքին հայթայթելու համար որակաւոր մտաւորականներ, գրողներ, ուսուցիչներ, խմբագիրներ, հասարակական գործիչներ եւ մշակոյթի մարդիկ, անհրաժեշտ էր անոնց տալ այդ առաքելութիւնը պատուով կատարելու ֆիզիքական եւ գործնական հնարաւորութիւնները: Այլ խօսքով, ա՛լ ժամանակն էր, որ Համազգայինի կրթական-մշակութային համալիրը մարմին առնէր:
Ա՛յս եղաւ տրամաբանելու մեր եղանակը առջի ամառ, եւ մենք ձեռնարկեցինք գործի:
Լծուեցանք գործի, տնտեսական տեսակէտէն թերեւս Լիբանանի համար ամէնէն անյաջող ժամանակաշրջանին: Բայց լծուեցանք այն հաստատ համոզումով` որ մեր ժողովուրդը, Լիբանանի մէջ թէ Լիբանանէն դուրս, անգամ մը եւս ամբողջապէս զօրավիգ պիտի կանգնէր մեզի` ազգային-մշակութային տեսակէտէ էապէս կարեւոր այս նախաձեռնութեան մէջ: Գործի անցանք համոզումով, բայց մանաւանդ հաւատքով ու վճռականութեամբ: Ոմանք թերեւս անժամանակ նկատեցին մեր այս քայլը ու թերահաւատութիւն ցուցաբերեցին անոր նկատմամբ: Բայց քանի առաջադրանքը հիմնական էր եւ անյետաձգելի, մեր որոշումը եղաւ վերջնական ու վճիռը` անդառնալի:
Եւ այսօր, անհուն ուրախութիւն եւ հպարտութիւն է մեզի համար` կենդանի արդիւնքը տեսնել Համազգայինի այդ յանդուգն, այլ անհրաժեշտ նախաձեռնութեան: Տեսնել, Անթիլիասի բարձունքին, Ծաղկաձորի բլուրներէն մէկուն վրայ, իր մեծագոյն մասով լրիւ աւարտած` նոր Ճեմարանի միջնակարգ-երկրորդական բաժիններու շէնքը, եւ անոր կողքին` մնացեալ մասի շինարարական տախտակամածները, եւ տակաւին, անոնց դիմաց, աւելի բարձր բլրակի մը վրայ, մանկապարտէզի կառուցման աշխատանքները:
Ի՛նչ խօսք, սակայն, որ եթէ մենք, մեր առաջադրանքներու իրագործման մէջ, կրցանք այս յաջողութիւնը արձանագրել, ատիկա եղաւ` շնորհիւ Ճեմարանի բարերարներու եւ բարեկամներու անվերապահ եւ անսակարկ քաջալերանքին, բարոյական թէ նիւթական գետնի վրայ: Շնորհիւ Միացեալ Նահանգներու նախկին ճեմարանականներու անդուլ ճիգերուն եւ բարեկամ կազմակերպութիւններու թէ անհատներու օժանդակութիւններուն: Շնորհիւ ազնուական օտարուհիի մը` Մէյրի Նորսիկեանի, որ տասնամեակներ առաջ մահացած իր հայ ու Ճեմարանի բարեկամ ամուսնոյն յիշատակը յարգած ըլլալու համար` կարեւոր գումար մը կտակած էր մեզի: Շնորհիւ ողբացեալ Հրաչ Դարբինեանի յատկացումներուն եւ կտակին: Շնորհիւ տակաւին` Քուէյթի, Ծոցի երկիրներու եւ Սէուտական Արաբիոյ մեր ընկերներու եւ բարեկամներու կարեւոր նուիրատուութիւններուն: Բայց նաեւ, ու մանաւա՛նդ, շնորհիւ լիբանանահայութեան ցուցաբերած ազնուական խրախուսանքին, որ իր արտայայտութիւնը գտած է համալիրի կառուցման ցարդ յատկացուած աւելի քան 60 միլիոն լիբանանեան ոսկիով, տնտեսական այն աննպաստ ու դժուարին պայմաններուն մէջ` որոնք ծանօթ են բոլորին: Իրենց արժանավայել այս կեցուածքով, Համազգայինի Լիբանանի բարեկամները ցոյց տուին բոլորին` ո՛չ միայն իրենց վստահութիւնը լիբանանեան հայրենիքի վերականգնումին նկատմամբ, այլեւ, ու մանաւանդ, իրենց անխառն համոզումը Ճեմարանի դերին, մարդակերտման ու հայակերտման անոր առաքելութեան վերաբերմամբ: Երախտագիտութեան եւ հպարտանքի խոր զգացումներով է, որ մեր խօսքը կ՛ուղղենք հեռու թէ մօտի, անցեալ, ներկայ թէ ապագայ մեր բոլո՛ր նուիրատուներուն, ըսելու համար սրտանց` «Վարձքերնիդ կատա՛ր»:
Լիբանանի այս օրհնեալ ափերուն, Մզհեր-Ծաղկաձորի գեղատեսիլ բլուրներուն ու լանջերուն վրայ, հայեցի կրթութիւն եւ մշակոյթ ճառագայթելու կոչուած փոքրիկ Հայաստանի մը կերտումին է որ կը նպաստեն:
Այդ փոքրիկ Հայաստանի կերտումին իրենց սիրայօժար եւ կամաւոր մասնակցութիւնը բերին նաեւ Ճեմարանի, եւ յատկապէս անոր միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու աշակերտները: 1987-ի ամբողջ ամրան ընթացքին, գրեթէ ամէն օր, քանի մը տասնեակ աշակերտներ կը բարձրանային Մզհեր` իրենց դպրոցի կառուցման բերելու աշխատանքի եւ քրտինքի իրենց բաժինը: Աղիւս կրել, աւարտած բաժինները մաքրել, տախտակ փոխադրել, հողը կամ պեթոնը ջրել, եւ այլն: Աւելորդ է նշել, թէ մեզի համար բարոյական ի՛նչ մեծ նշանակութիւն կը ներկայացնէ սեփական տան ստեղծման ընծայուած գործնական այդ օժանդակութիւնը` ըստ էութեան թերեւս համեստ: Այսօր, նոր Ճեմարանի կերտումին մասին խօսելով, մենք հպարտութեա՛մբ կրնանք ըսել` «Վարձքը կատար նաեւ մե՛ր աշակերտներուն»:

