25-Ամեակ Մելանքթոն Եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Դպրոցական 2013-2014 տարեշրջանին կը զուգադիպի Համազգայինի «Հայ Ճեմարան»-ին` Ճեմարանի ուսուցչական կազմին կողմէ Ծաղկաձոր հայաբոյր անունով մկրտուած Մըզհերի բարձունքին վրայ հաստատման քսանհինգամեակը: 1930-ին հիմնուած Ճեմարանը, իր 84-ամեայ գոյութեան ընթացքին ունեցած է բազմաթիւ կայքեր. շուրջ քսան տարի Ճեմարանը գործած է յաջորդական երեք վարձուած բնակարանային շէնքերու մէջ, որոնք յարմարցուած էին դպրոցական աշխատանքներու համար: 50-ական թուականներու սկիզբը Համազգայինը տիրացաւ «Նշան Փալանճեան Ճեմարան»-ի Զոքաք Պլաթի փառաւոր կալուածին, որ հետագային ճոխացաւ երկու նոր շէնքերով եւ պատմական շէնքին վրայ յարկի մը յաւելումով: 1975-76 տարեշրջանէն սկսեալ, միշտ շարունակելով հանդերձ Նշան Փալանճեանի շէնքին մէջ ուսումնական աշխատանքները, լիբանանեան պատերազմը Ճեմարանի աշակերտութեան մեծամասնութիւնը դարձուց աստանդական` զայն տեղափոխելով մէկ վայրէն միւսը: Ճեմարանը տարիներով մնաց երկճիւղ եւ տեղաւորուեցաւ ժամանակաւոր ու յարմարեցուած շէնքերու մէջ:

Ներկայ Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանին հողը արդէն սեփականացուած էր 1973-74 տարիներուն` հոն կրթական-մշակութային համալիր մը կառուցելու նպատակով: Նշան Փալանճեան Ճեմարանը նեղ կու գար հազարը գերազանցող աշակերտութեան եւ երկրորդ Ճեմարանի մը կառուցումը հրամայական կը համարուէր այդ օրերուն: Լիբանանեան պատերազմը խանգարեց կառուցման աշխատանքը, մինչեւ որ ժողովրդային տեղափոխութիւնները կրկին անհրաժեշտ դարձուցին Ծաղկաձորի բարձունքին նոր Ճեմարանի մը կառուցման փութացումը: Հիմնարկէքը թէեւ կատարուած էր 1977-ի մայիսին, սակայն շինարարական աշխատանքները սկսան 1986-ին միայն: Շնորհիւ Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան եղբայրներու իշխանական նուիրատուութեան, Նորսիկեան կտակին, Լիբանանէն, Ծոցի երկիրներէն եւ այլ վայրերէն կատարուած հանգանակութիւններուն, աւելի ուշ` տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեանի ու այլ նուիրատուներու լիաբուռն օժանդակութիւններուն, կառուցուեցաւ ներկայ համալիրը:

Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանը, տակաւին կիսաւարտ, մասնակիօրէն իր դռները բացաւ 1987-ին: Արդարեւ, 1987-ի նոյեմբերին, Պուրճ Համուտէն Ծաղկաձոր տեղափոխուեցան Ճեմարանի միջնակարգ եւ երկրորդական բաժինները, մինչ շինարարական աշխատանքները թափով յառաջ կը տարուէին: 1988-ի հոկտեմբերին էր, որ ներկայի «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ 1979-էն ի վեր հաստատուած դպրոցը ամբողջութեամբ տեղափոխուեցաւ ներկայ համալիրը:

Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի մէջ շինարարական աշխատանքները դադար չեն ունեցած անցած 25 տարիներու ընթացքին: Եղած են յաւելումներ, արտաքին շրջապատի յարդարանքներ, ներքին փոփոխութիւններ եւ նորոգութիւններ: Այժմ, քսանհինգամեակի այս հանգրուանին, Ճեմարանի հնարաւորութիւններու ու Համազգայինի մշակութային գործունէութեան ծաւալման համար անհրաժեշտ են նոր շինութիւններ: Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը եւ Ճեմարանի տնօրէնութիւնը մշակած են համապարփակ ծրագիր մը, որ իր լրումին պիտի հասցնէ 70-ական թուականներուն նախածրագրուած փոքրիկ Հայաստանի կերտումը:

Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի քսանհինգամեայ յոբելեանը կը նշուի յաւելեալ զարգացման ու բարգաւաճման հեռանկարի շեշտումով, այնպէս` ինչպէս վայել է 80 տարիներէ ի վեր հայ ժողովուրդի ծով կարիքներուն գոհացման համար սերունդներ նուիրաբերած, գիտական, մշակութային եւ ընկերային ուսմունքներու մէջ բարձրորակ մասնագէտներ պատրաստած, հայ լեզուի, գրականութեան, հայեցի կրթութեան ու առհասարակ կրթական եւ մշակութային ասպարէզներուն մէջ նուիրեալ մշակներ կազմաւորած վաստակաւոր մեծ հաստատութեան:

 

Share this Article
CATEGORIES