Առանց Ցաւի Չկայ Ծնունդ Եւ Առանց Ցաւի Չկայ Մահ… (Աղբարիկիս` Գրիգոր Շահինեանի Մահուան 5-րդ Տարելիցին Առթիւ)

Torossian_ShahinianՍիրելի՛ աղբարիկս Գրիգոր,

Նախ կ՛ուզեմ ներողամտութիւնդ հայցել, որ այս տարի` Մեռելոցի օրը, չկրցայ այցելել շիրիմդ… ու քանի մը ծաղիկներ բերել, քանի չէի կրնար ուրիշ ձեւով խօսիլ հետդ…

«Մահս,- կ՛ըսէիր,- կ՛ուզեմ, որ տեղի ունենայ առանց ցաւի, լաւագոյնը` գիշերը պառկիլն է ու յաջորդ առտու չարթննալը…»: Գրիգոր Զօհրապի համար լաւագոյն մահը կնոջ մը հետ պարելու ատեն անոր թեւերուն մէջ մահանալն է: Իւրաքանչիւրիս համար, հաւանաբար ամէնէն ցանկալին վայրկենական մեռնիլն է` առանց տառապելու ու առանց տառապեցնելու մեր շուրջինները: Սակայն որո՞ւ ձեռքը կ՛անցնի այդ:

Աղբարի՛կս, մահուանդ օրը քովդ չէի վերջին եղբայրական համբոյրս տալու քեզի… ու չեմ գիտեր, թէ ցաւեր ունեցա՞ր, թէ՞ ոչ: Սակայն, հայերէնի կարգ մը բառերուն մէջ, ինչպիսիք են. հեռացաւը, մեծցաւը, բարկացաւը, մահացաւն ու մնացեալները… Ցաւը միշտ առկայ է` ե՛ւ ծննդաբերութեան ատեն, ե՛ւ մահուան ատեն: Եթէ ծնունդին համար կը տիրէ ուրախութիւն, ապա մահուան պարագային հարազատները խորապէս կը ցաւին: Այս է օրինաչափութիւնը կեանքին:

Մոնթէյն (Montaigne) տեղ մը կ՛ըսէ. «Ինչո՞ւ մտահոգուիլ ու վախնալ ամէն վայրկեան մահուընէ, երբ ան կայ ու կրնայ պատահիլ որեւէ պահու»:

Սիրելի՛ աղբարիկս Գրիգոր, քեզ սիրողներուս համար ամենամեծ ցաւը այն է, որ հինգ տարիէ ի վեր զրկուած ենք քեզ տեսնելու ուրախութենէն ու յոյս ալ չկայ, որ տեսնենք քեզ…: Թերեւս` թէեւ կասկածելի, կրնայ ըլլալ, որ անդենականին մէջ զիրար տեսնենք…: Պիտի ներես, որ մէջբերեմ թուրք բանաստեղծի մը հետեւեալ տողը. «Մահը բան մը չէր, եթէ բաժանում չըլլար…»: Այո՛, գիտեմ, դուն ատելութիւն չէիր տածեր թուրքերու հանդէպ ու կ՛ըսէիր. «Եթէ վրէժ լուծենք անոնցմէ, ի՞նչ է տարբերութիւնը մեր եւ իրենց միջեւ…»: Միակ տեղը, ուր համաձայն չէինք իրարու, թուրքերու նկատմամբ մեր ունեցած մօտեցումն էր: Դուն, իբրեւ համոզուած ընկերվարական, կ՛ըսէիր, թէ` «Երբ թուրքերը դառնան քաղաքակիրթ եւ ընդունին իրենց ոճիրին ահաւորութիւնը, վստահաբար պիտի հատուցեն մեր կորուստներուն համար»: Մինչդեռ, իմ` Եւրոպա տեսած մարդու կարծիքս ա՛յն է, որ չեմ հաւատար ընկերվարական գաղափարներու. առաջին օրն իսկ Ֆրանսա գտնուելուս, տեսայ, թէ ընկերվարական, համայնավար կամ արմատական, ամէն բանէ առաջ մտահոգուած էին իրենց առօրեայ «պիֆթակով» ու շահերով: Այդ իսկ պատճառով կը հաւատամ բիրտ ուժին:

***

Մոռցայ ըսելու, որ 1960-էն` մեր առաջին ծանօթութենէն ի վեր իրարու դիմած ենք «Աղբարիկս» ըսելով, որովհետեւ տեղի էր ունեցած իսկական եղբայրութի՛ւն:

Լաւ կը յիշեմ առաջին ցուցահանդէսիս, որ տեղի ունեցած էր ֆրանսական մշակութային կեդրոնի «Սինեմա Միլիթեր» սրահին մէջ, Շահինեան եկաւ իր Ճեմարանի խումբ մը աշակերտներով եւ ունեցանք հաճելի զրոյց մը: Զիս հրաւիրեց Ն. Փալանճեան Ճեմարան, ուր հայերէն թէ ֆրանսերէն կը դասաւանդէր բարձրագոյն դասարաններուն: Հանդիպումը, աշակերտներու հետ, աւելի քան շահեկան էր: Աւելի շատ խօսեցանք Մեծարենցի մասին, ու այդ հանդիպումէն ծնաւ իսկական եղբայրութիւն մեր միջեւ ու տեւեց մինչեւ իր մահը:

Յիսուն տարի ետք, երբ օր մը կը խօսէինք գրական հարցերու եւ ճաշակներու մասին, Գրիգոր ըսաւ. «Եթէ պարտաւորուիմ ապրիլ կղզիի մը մէջ` առանձի՛ն, կ՛ուզեմ Ակսել Բակունցի պատմուածքները «Ալպեան մանիշակները» ունենալ»: Իմ պատասխանս չզարմացուց զինք, երբ ըսի. «Մեծարենցի բանաստեղծութիւնները միայն…»:

Սիրելի՛ աղբարիկս Գրիգոր, պատի մը ամբողջ մակերեսը գրաւող գիրքերդ, պաշտամունքի առարկայ աղջիկներդ ու կինդ մնացին այստեղ… շնորհիւ անոնց կը հաղորդուինք քեզի հետ, բայց մանաւանդ մեր մէջ ձգած ես անջնջելի ու քաղցր յիշատակներ…:

Միշտ քեզ յիշող աղբարիկդ`
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԹՈՐՈՍԵԱՆ

Պ. Համուտ
20/2/2014

Share this Article
CATEGORIES