Հայ Եկեղեցւոյ Լուսապսակ Սուրբեր. Սուրբ Սահակ Պարթեւ Հայրապետ* Լուսաւորիչ Միտքերու

ԿՈՐԻՒՆ ԱՐՔ. ՊԱՊԵԱՆ

«Ես չեմ կրնար հիւանդ ոչխարս առողջ գայլին հետ փոխել» (Ս. Սահակ)

Ներածական

Մեր եկեղեցւոյ հայազգի սուրբերու լուսապայծառ հոյլին մէջ իր իւրայատուկ եւ բացառիկ տեղն ունի Սահակ Պարթեւ հայրապետ, որուն անունը անբաժանելիօրէն կապուած է Օշականի եռամեծար վարդապետին` Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի հետ: Անոնք, Վռամշապուհ հայոց արքայի նիւթաբարոյական օժանդակութեամբ, յաջողեցան մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ անկիւնադարձային նշանակութիւն ունեցող հայոց գիրերու գիւտի եւ Աստուածաշունչի թարգմանութեան հրաշքը իրագործել: Այնուհետեւ, իրենց աշակերտներու` թարգմանիչ վարդապետներու միացեալ ճիգերով կերտեցին մեր գրականութեան ոսկեդարը:

Հայաստանեայց եկեղեցին հայոց գիրի ու գրականութեան հիմնադիր այս երկու լուսապսակ սուրբերուն եւ անոնց երէց ու կրտսեր աշակերտներուն, ինչպէս նաեւ յաջորդող դարերու գրական մեծ դէմքերուն յիշատակը երախտագիտութեամբ կ՛ոգեկոչէ ամէն տարի ու կը պանծացնէ անոնց կատարած գործին կարեւորութիւնը, «Սրբոց Թարգմանչաց վարդապետացն մերոց` Մեսրոպայ, Եղիշէի, Մովսէսի Քերթողահօրն, Դաւթի Անյաղթ փիլիսոփային, Գրիգորի Նարեկացւոյն եւ Ներսէսի Կլայեցւոյն» նուիրուած, ազգային եւ եկեղեցական մեծ տօնին: Ըստ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ տօնացոյցի, Թարգմանչաց տօնը կը նշուի հոկտեմբեր ամսուան երկրորդ շաբաթ օրը, եւ այդ առիթով կը մատուցուի Ս. պատարագ, տեղի կ՛ունենան մշակութային զանազան ձեռնարկներ, գրական ու գեղարուեստական, դպրոցական ու միութենական հանդէսներ:

Օրինակի համար, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի դպրեվանքը իր ուսումնական տարեշրջանի պաշտօնական բացումը կը կատարէ Թարգմանչաց տօնին, հանդիսաւոր Ս. պատարագի մատուցմամբ: Օրուան քարոզը բնականաբար նուիրուած կ՛ըլլայ Թարգմանչաց մեզի աւանդ ձգած հոգեւոր եւ գրական ժառանգութեան ոգեկոչման եւ դպրեվանքի նուիրական առաքելութեան: Այդ օր հին ու նոր դպրեվանեցիները կը հաղորդուին Թարգմանչաց վարդապետաց ոգիով եւ հաւատքով, անվարանօրէն քալելու անոնց գծած կեանքի ուղիով. զինուած Սուրբ Մեսրոպի 36 անմահ զինուորներու զէնքով ու զրահով, աստուածաշնչական երկնային պատգամներով, անոնք կ՛ուխտեն վառ պահել Թարգմանչաց սերունդին մեզի փոխանցած հայ մշակոյթի ջահը:

Կ՛արժէ այստեղ ընդգծել, որ Թարգմանչաց վարդապետաց վերոյիշեալ ցանկին մէջ կը պակսի անունը Սահակ Պարթեւ հայրապետին, որ ամբողջ Թարգմանչաց սերունդին հայրն էր. ան, որ եղաւ ո՛չ թէ միայն հովանաւորողը, այլ գործնականօրէն մասնակցողն ու անձամբ իրագործողը Աստուածաշունչի յունարէն բնագրի հայերէն թարգմանութեան, ինչպէս նաեւ` բազմաթիւ յունարէն բնագիրներու, կրօնական ու փիլիսոփայական երկերու հայացման կոթողային աշխատանքին: Գուցէ իր անուան յիշատակուած չըլլալը պատճառ եղած է, որ Թարգմանչաց տօնին գրեթէ հարեւանցի ակնարկ մը կ՛ըլլայ Սահակ հայրապետի անուան` ամբողջ շեշտը դնելով Մեսրոպ Մաշտոցի գիրերու գիւտին եւ մասամբ ալ Աստուածաշունչի թարգմանութեան վրայ:

Եթէ «Սրբոց Թարգմանչաց վարդապետաց» տօնին յիշատակուող անուններու ցանկին մէջ չկայ Սահակ հայրապետին անունը, այդ չի նշանակեր, որ մեր եկեղեցւոյ հայրերը մոռացութեան մատնած են անոր  յիշատակը կամ զլացած են անհրաժեշտ յարգանքը մատուցել անոր նկատմամբ:

Վստահաբար շատ քիչեր գիտեն, որ մեր տօնացոյցին մէջ կան երկու այլ տօներ, որոնց առաջինի պարագային Սահակ հայրապետին յիշատակը կ՛ոգեկոչուի Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցին հետ` «Տօն Սրբոց Թարգմանչաց վարդապետացն մերոց Սահակայ եւ Մեսրոպայ», որ կը հանդիպի ամրան եղանակին, սովորաբար` յունիսի երկրորդ կիսուն: Երկրորդ տօնը նուիրուած է յատուկ «Սրբոյն Իսահակայ Պարթեւ հայրապետին մերոյ», որ կը կատարուի Բուն Բարեկենդանէն ութ օր առաջ, յունուարի վերջը կամ փետրուար ամսուան մէջ:

Դժբախտաբար այս տօներուն առիթով ո՛չ կը գրուի եւ ո՛չ ալ կը խօսուի Սահակ հայրապետին անփոխարինելի դերակատարութեան մասին` որպէս հօր Թարգմանչաց սերունդի, որպէս ղեկավարողին ու համադրողին` Թարգմանչաց գրական-դաստիարակչական գործունէութեան:

Գիրերու գիւտին, Աստուածաշունչի թարգմանութեան շատ կարեւոր իրագործումին առընթեր, Սահակ Պարթեւին մեծութիւնը կը կայանայ անոր աւելի քան յիսուն տարիներ որպէս հայրենասէր եւ իմաստուն, դիւանագէտ ու գիտնական հայրապետ Հայ եկեղեցւոյ հողմածեծ նաւը` երկու հարեւան հզօր կայսրութեանց հետապնդած քաղաքական ու կրօնական ներհակ շահերու փոթորիկներու ընդմէջէն կարենալ խաղաղ նաւահանգիստ առաջնորդելուն մէջ: Անոր ազգապահպանման, հայրենի պետականութեան պաշտպանութեան, հայ նախարարներու եւ հայոց արքայի միջեւ համագործակցութիւն, հայ ժողովուրդի զաւակներուն միջեւ միասնականութիւն պահպանելու մնայուն ճիգերուն մէջ կը տեսնենք այն բացառիկ անհատականութեան ու հեղինակութեան տէր հայրապետը, որ պիտի վախճանէր խոր ծերութեան մէջ` իր անջնջելի հետքը ձգելով Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ:

Ուստի, մեր այս գրութեան նպատակէն դուրս է զբաղիլը հայոց գիրերու գիւտի եւ Աստուածաշունչի թարգմանութեան պատմական ու բանասիրական հարցերով: Այս կապակցութեամբ արդէն գոյութիւն ունի ծով գրականութիւն, որուն վրայ այսօր ալ կու գան աւելնալու նոր ուսումնասիրութիւններ` հայ եւ ոչ հայ հայագէտներու կողմէ, նոր լոյս սփռելով յիշեալ նիւթերու վրայ**:

Մեր փափաքն է պարզապէս աւելի մօտէն ծանօթանալ Սահակ Պարթեւ հայրապետի կեանքին ու գործին եւ լուսարձակի տակ առնել յատկապէս անոր կենսագրութեան յաճախ յաջողութիւններով եւ երբեմն ալ յուսախաբութիւններով եւ տառապալից փորձութիւններով լեցուն հայրապետական որոշ տարիները:

Կենսագրական Տուեալներ

Սահակ Պարթեւ զաւակն էր Մեծն Ներսէս հայրապետի եւ Սանդուխտ Մամիկոնեանի, իսկ թոռան թոռն էր մեր հաւատոյ հօր` Գրիգոր Լուսաւորչի, որ Հայաստան աշխարհը քրիստոնէութեան լոյսով պայծառակերպած ըլլալուն համար կոչուեցաւ Լուսաւորիչ Հոգիներու: Իր հերթին, Մեծն Ներսէս հայրապետ իր հիմնած բարեսիրական հաստատութիւններով, կատարած բարեկարգութիւններով ու մարդասիրական աննախընթաց գործերով արժանացաւ Լուսաւորիչ Սիրտերու կոչումին: Ինչ կը վերաբերի Սահակ հայրապետին, հայոց գիրերու գիւտին եւ Աստուածաշունչի թարգմանութեան իրագործման, ինչպէս նաեւ հայոց դպրոցներու եւ վանքերու ցանցի հիմնադրութեան մէջ ունեցած բացառիկ ներդրումին եւ յատկապէս իր դաստիարակած գիտնական հոգեւորականներուն համար հայ ժողովուրդը անոր տուած է Լուսաւորիչ Միտքերու տիտղոսը:

Սահակ Պարթեւ ծնած է Կեսարիա, 348-ին, երբ իր ծնողները կ՛ուսանէին քրիստոնէական մշակոյթի ծաղկուն կեդրոն այդ քաղաքին մէջ: Սահակ հազիւ 2-3 տարեկան էր, երբ իր մօր վաղահաս մահուան պատճառով կը բերուի Հայաստան, ուր կը վայելէ մօր կողմէ մեծ հօր` Մամիկոնեան ընտանիքին խնամքն ու դաստիարակութիւնը, Տարօնի մէջ: Այդ տարիներուն իր հայրը` Ներսէս տակաւին կը շարունակէր իր ուսումը Կեսարիոյ եւ Բիւզանդիոնի բարձրագոյն դպրոցներուն մէջ:

Հայաստանի մէջ Սահակ իր նախնական ուսումը կը ստանայ կաթողիկոսարանի դպրեվանքին մէջ, ուր կը սորվի յունարէն, ասորերէն ու պարսկերէն: Այնուհետեւ, երբ ան պատանի կը դառնայ, իր հայրը` Ներսէս, զինք կը տանի իր մօտ` Կեսարիա, որպէսզի այնտեղ հմտանայ յունարէն լեզուին եւ խորանայ կրօնական եւ իմաստասիրական գիտութեանց մէջ:

Սահակ կ՛ամուսնանայ Կեսարիոյ մէջ, երբ 22 տարեկան էր: Դժբախտաբար ժամանակակից աղբիւրներ չեն փոխանցած մեզի անոր կնոջ անունն ու ազգատոհմը: Այդ ամուսնութենէն անոնք ունեցած են աղջիկ զաւակ մը` Սահականուշ անունով, որ հետագային ամուսնանալով հայոց բանակի սպարապետ Մանուէլ Մամիկոնեանի որդի Համազասպի հետ` դարձաւ մայրը Քաջն Վարդան Մամիկոնեանի:

Չենք գիտեր` արդեօք Սահակ ալ կանուխ տարիքէն այրիացա՞ծ էր, թէ՞ կնոջմէ բաժնուած էր, փոխադարձ համաձայնութեամբ, քանի որ Հայաստան վերադառնալէ ետք զինք կը գտնենք խստակրօն ճգնողական կեանքի նուիրուած:

——————————————–

* Այս տարի «Սրբոյն Իսահակայ Պարթեւ Հայրապետին Մերոյ» տօնը կը կատարուի 22 փետրուար 2014-ին:

* Տեսնել` տոքթ. Արմենակ Եղիայեան, «Մեսրոպեան տառերու ակունքները», Անթիլիաս, 2005:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES