Հայ Աշակերտը Հեռու Պահենք Թմրեցուցիչի Փորձութենէն

ՆԱԶԵԼԻ ԱՒԱԳԵԱՆ    

Հայ աշակերտը, հայ պատանին ինչպէ՞ս կարելի է հեռու պահել օտարամոլութենէ, յոռի երեւոյթներէ, բարքերէ եւ, դժբախտաբար, մեր օրերուն ընթացիկ երեւոյթ դարձած` թմրամոլութեան ախտէն:

Ախտ. այո՛, բառ մը, որ դուրս ելած է իր սովորական իմաստէն եւ հոգեկան պարապութիւններ ամբողջացնող փոխանցիկ, տարբեր հիւանդութիւն մը դարձած:

Հայ պատանին հայկական միջավայրի, հայ դպրոցին մէջ տեսնելը, անոր հայեցի ու անբիծ դաստիարակութիւն ջամբելը հիմնական մտահոգութիւն մըն էր ցեղասպանութենէն վերապրած մեր մամիկներուն եւ պապիկներուն համար: Դեռ աւելի՛ն. հայեցի ու միա՛յն հայեցի կրթութիւնը անհրաժեշտ հրամայական մը կը նկատուէր այդ օրերուն:

Այդպէս ալ տարիներ շարունակ սերունդներ դաստիարակուեցան եւ թրծուեցան մաքուր նկարագիրով` շնորհիւ մեր ազգային կառոյցներուն` եկեղեցիներ, կրթօճախներ, ակումբներ:

Նոյնիսկ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի դժուարին օրերուն հայութիւնը կարողացաւ պահել իրեն իւրայատուկ դիմագիծը` ազնիւ, ծառայասէր եւ վեհանձն ոգին:

Այսօր քաղաքացիական պատերազմը վերջ գտած է վաղուց, եւ ապրուստի պայմաններն ու պահանջները բոլորովին փոխուած են:

Արդիականութիւնը մուտք գործած է բոլոր մարզերուն մէջ: Վարժարաններու մէջ կրթական ծրագիրներու իրագործումը, բազմաճիւղ ըլլալը յաւելեալ պարտաւորութիւններով կը ծանրաբեռնեն վարժարաններու պատասխանատուները, ինչպէս նաեւ` աշակերտներն ու ծնողները:

Կրթական համակարգին նորութիւններու փնտռտուքով եւ ուսման ծրագիրին ամբողջական իրագործման ի խնդիր կ՛աշխատին ուսուցիչներ, տնօրէններ: Հայ ծնողներ իրենց զաւակները կը վստահին հայ վարժարանին, որովհետեւ կը հաւատան հոն մատուցուած հայեցի կրթութեան եւ մանաւա՛նդ` մաքուր ու առողջ միջավայրին:

Զաւակներուն մաքուր ու առողջ միջավայրի մէջ պահելն ու լաւագոյն ուսում ապահովելը հիմնական մտահոգութիւն է հայ ծնողքին:

Պէտք է ընդունիլ, որ ապահով միջավայրին դիմաց նաեւ կը ցցուին մեծ դժուարութիւններ, հայ աշակերտը կը հանդիպի զինք շլացնող զանազան երեւոյթներու, մոլութիւններու` ծխախոտի չարաշահում, ալքոլամոլութիւն, թմրամոլութիւն:

Թմրեցուցիչը եւ թմրամոլութիւնը բառեր են, որոնք յաճախ կը լսուին, ամէն տեղ կը խօսուի անոնց մասին: Հայ աշակերտներ համացանցին ընդմէջէն լաւ եւ բաւարար տեղեկութիւններ ունին թմրեցուցիչի տեսակներուն մասին: Անոնք իրարու հետ կը խօսակցին այդ նիւթին առնչուող ժապաւէններուն, գործածութեան եղանակին եւ անդրադարձին մասին:

Ուրեմն երեւոյթը ընդհանրացած է, եւ անոր մասին խօսիլը, լսելը` անխուսափելի:

Ի՞նչ կը սպասուի հայ կրթօճախներէն, ի՞նչ ընել հայ աշակերտը հեռու պահելու համար սայթաքումներէն, թմրեցուցիչի ու այլ յոռի երեւոյթներու ոլորտներէն:

Հայ ուսուցիչին դերը շատ մեծ եւ ծանր է այդ գծով: Դասաւանդուած պահերուն, նիւթերուն կողքին հարկ է աշակերտը միշտ արթուն պահել, դաստիարակել այնպէս, որ իրեն դէմ ցցուող բոլոր խաբուսիկ երեւոյթները յաղթահարէ եւ չտարուի անոնցմով:

Կրթական մշակները ուսում ջամբելու առընթեր հարկ է աշակերտը զինեն մոլութիւններու, յատկապէս թմրեցուցիչի դէմ պայքարելու զէնքերով, աշակերտին մէջ յայտնաբերել անոր լաւ կարողութիւններն ու ձիրքերը, զարգացնել զանոնք, որպէսզի ան ստանայ հոգեկան գոհունակութիւն ու շրջապատը հարստացնէ իր շնորհներով:

Ճիշդ է, որ հայկական վարժարաններն ու աշակերտներ հոսանքէն բաւական հեռու կը գտնուին այսօր, սակայն այդ մէկը պատճառ պէտք չէ հանդիսանայ, որ մենք` որպէս հայ մշակներ, ձեռնածալ մնանք: Դպրոցական կանուխ տարիքէն, նոյնիսկ նախակրթարանի բաժիններէն, նկատի ունենալով տարիքային համեմատութիւններն ու հասունութիւնը, խօսինք հայ պատանիին դժուարութեանց, անոր ապրած միջավայրի զանազան երեւոյթներուն մասին, խօսիլն ու լուսաբանելը ամօթալի չեն, այլ լռելն ու ծածկելը` մեծ տկարութիւն:

Վերջապէս մեր անցեալի յաղթական պատմութիւնն ու ապագայի տեսլականը մեզ չեն արտօներ ունենալ թմրամոլ երիտասարդութիւն մը:

Ուստի հաւաքաբար ե՛ւ կրթական մշակներ, ե՛ւ ծնողներ, ե՛ւ պատասխանատուներ փորձենք հայ աշակերտները, երիտասարդութիւնը հեռու պահել թմրեցուցիչի փորձութենէն:

Scan0002

 

 

Share this Article
CATEGORIES