Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» Մասնաճիւղին. «Կարապալա» Խումբի Յատուկ Համերգ` Լիբանանահայ Վարժարաններու Աշակերտութեան Համար
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղին, երէկ` ուրբաթ, 21 փետրուար 2014-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի հայկական վարժարաններուն համար յատուկ համերգ մը` կատարողութեամբ «Կարապալա» խումբին:
Համերգին ներկայ էին լիբանանահայ վարժարաններէն եկած 500 աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ:
Համազգայինի անունով յայտագիրին բացումը կատարեց Յակոբ Գառնեշեան, որ բարի գալուստ եւ հաճելի ունկնդրութիւն մաղթելէ ետք աշակերտներուն, իր արտասանած բացման խօսքին մէջ շեշտը դրաւ հայ ժողովուրդի գոյատեւման երկու բարձունքներուն վրայ` լեզուն եւ մշակոյթը, որոնց շնորհիւ հայ ժողովուրդը դարերէ ի վեր կրցած է գոյատեւել: Անդրադառնալով հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ մշակոյթի դերակատարութեան կարեւորութեան` Գառնեշեան պատմական տուեալներով ներկայացուց Համազգայինի հիմնադրութեան նպատակն ու գործունէութիւնը, մանաւանդ ցեղասպանութենէն ճողոպրած սերունդներուն դաստիարակութեան եւ կազմաւորման հանգրուանին: Ան ներկայացուց Համազգայինի Լիբանանի գործունէութիւնն ու կառոյցը եւ կոչ ուղղեց աշակերտներուն միանալու Համազգայինի 1500 աշակերտներէ կազմուած շարքերուն, որոնք կը ստանան երաժշտութեան, երգի, պարի, թատրոնի, քանդակագործութեան եւ այլ մշակութային կրթութիւն, որպէսզի ի վերջոյ, «Կարապալա» խումբին օրինակով, զարգացնելով հայկական երաժշտութիւնը, կառչած մնան անոր եւ պահպանեն զայն:
Գառնեշեան իր խօսքի աւարտին հրաւիրեց «Կարապալա» խումբին անդամները` Ալին Նաքքաշեանը, Հրակ Գարագաշեանը, Խաչիկ-Հրակ Տեմիրճեանը, Արամ Փափազեանը եւ Սեպուհ Այնթապլեանը որոնք հայկական վարժարաններէ եկած աշակերտութեան հրամցուցին «Հէյ ճան Երեւան», «Պատանիներու պար», «Եասաման». «Մոկաց հարսներ», «Հազար նազով եար», «Իմիք Սիմիք», «Զինուորի երգը», «Սա Երեւանն է», «Շողոտ Շաղոտ» եւ «Հապըրպան» երգերը:

