Լիբանանահայ Բժիշկներու Միութիւն. «Արեան Գերճնշում Եւ Սրտի Զարկերու Արագութիւն» Նիւթով Դասախօսական Երեկոյ
Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ բժիշկներու միութեան վարչութեան, երէկ` ուրբաթ, 21 փետրուար 2014-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, միութեան կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ մը` «Արեան գերճնշում եւ սրտի զարկերու արագութիւն» նիւթով: Օրուան բանախօսն էր սրտաբան տոքթ. Արտաշէս Սիմոնեան:

Յոտնկայս յարգանք` մահացած բժիշկներու յիշատակին
Միութեան վարչութեան ատենապետ տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն խնդրեց 1 վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգել յիշատակը վերջերս մահացած 2 բժիշկներու` տոքթ. Սարգիս Մազլումեանի եւ տոքթ. Անժելա Տէր Պօղոսեանի: Ապա ան ներկայացուց տոքթ. Արտաշէս Սիմոնեանը եւ հրաւիրեց զինք ներկայացնելու իր նիւթը:
Տոքթ. Սիմոնեան «փաուըր փոյնթ»-ով ներկայացուց իր նիւթը: Ան հաստատեց, որ երկար ատենէ ի վեր արեան գերճնշումը հիմնական վտանգաւոր գործօն է սրտի հիւանդութեան, եւ հակառակ զանազան դեղերու օգտագործման, տակաւին արեան գերճնշումը կը մնայ ոչ բացայայտուած եւ ոչ ճիշդ ձեւով բուժուած հիւանդութիւններէն մէկը: Այս պատճառով ալ տակաւին կը շարունակուին հետազօտութիւնները այս գծով:

Տոքթ. Արտաշէս Սիմոնեան
Տոքթ. Սիմոնեան նկատել տուաւ, որ երբ սրտի զարկերը արագ են, նոյնքան աւելի վտանգաւոր կը դառնայ պարագան սրտի հիւանդութիւն ունեցող անձին, մանաւանդ եթէ արեան գերճնշում ունի: Ան նկատել տուաւ, որ հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, թէ որքան սրտի զարկերը արագ են անձի մը մօտ, նոյնքան սրտի հիւանդութեան եւ մահուան հաւանականութիւնը կ՛ըլլայ:
Ան խօսելով դարմանումին մասին անդրադարձաւ դեղերուն, որոնք կը կանոնաւորեն սրտի զարկը, կը կանխարգիլեն արեան գերճնշումը եւ մահուան աստիճանը կը նուազեցնեն, ինչպէս նաեւ սրտի հիւանդութիւնները կը պակսեցնեն:

