Օպամա Ուքրանիոյ Հարցով Խստօրէն Կը Քննադատէ Փութինը

Պարաք Օպամա
«Օպոզրեւաթել» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա քննադատած է Ռուսիոյ քաղաքականութիւնը եւ անձամբ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը` Ուքրանիոյ ճգնաժամին պատճառով:
Ան նաեւ մեղադրած է Փութինը Ուքրանիոյ եւ Սուրիոյ բնակիչներու հիմնարար ազատութիւններուն նկատմամբ ցուցաբերուած անյարգալից վերաբերմունքին համար:
«Ատիկա Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ մրցում չէ: Խօսքը Ուքրանիոյ եւ Սուրիոյ ժողովուրդներու ցանկութեան իրականացման մասին է` խօսքի ազատութիւն, հաւաքներու ազատութիւն, թափանցիկ եւ ազնիւ ընտրութիւններ եւ հիմնարար իրաւունքներ, որոնց կը ձգտի իւրաքանչիւրը», յայտարարած է Օպամա:
Միեւնոյն ժամանակ ան ընդգծած է, որ Փութին այլ հայեացք ունի այդ իրաւունքներուն առնչութեամբ: «Պարոն Փութինը այլ հայեացքներ ունի այդ հարցերուն վերաբերեալ, եւ ես չեմ կարծեր, որ ատիկա գաղտնիք է որեւէ մէկուն համար», ըսած է Օպամա:

