Վեցամսեայ Ընդմիջումէ Մը Ետք. Օպամա-Էրտողան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Erdo-Obama20022014«Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա եւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 18 փետրուարին շուրջ մէկուկէս ժամ տեւած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած են Սուրիոյ մէջ արձանագրուող զարգացումներուն ու Կիպրոսի հարցի լուծման բանակցութիւններուն հարցերը:

Վեց ամիսներու ընթացքին իրենց առաջին հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին անոնք ռազմավարական հարցերու շուրջ տեսակէտներ փոխանակած են: Ըստ դիւանագիտական աղբիւրներու, երկու կողմերը որոշած են այս հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը ունենալ Կիպրոսի վերամիացման բանակցութեանց նոր փուլի ձեռնարկման լոյսին տակ: Աղբիւրները աւելցուցին, որ երկու ղեկավարները Թուրքիոյ մէջ փտածութեան հարցը եւ համացանցի ու Դատաւորներու եւ դատախազներու գերագոյն խորհուրդին վերաբերեալ կառավարութեան օրէնսդրական բարեփոխութեանց հարցերը չեն քննարկած:

Սպիտակ տունը 19 փետրուարին այս մասին հրապարակուած յայտարարութեան մը մէջ նկատառելի տեղեկութիւն փոխանցած է: Յայտարարութիւնը կը նշէ. «Նախագահ Օպամա այսօր Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի հետ հեռաձայնով խօսեցաւ երկկողմանի եւ շրջանային շարք մը հարցերու շուրջ: Նախագահը հաստատեց Թուրքիոյ Հանրապետութեան հետ ուժեղ, փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած երկկողմանի յարաբերութեան տուած իր արժէքը եւ արտայայտեց իր տեսակէտը, որ Թուրքիա աշխարհին մէջ դրական յանձնառութեան ճամբով կրնայ ղեկավար դերակատարութիւն ունենալ»:

Օպամա եւ Էրտողան համամիտ գտնուած են Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական ներկայութեան աճին լուծում գտնելու համար Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ սերտ գործակցութեան կարեւորութեան եւ ընդգծած Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելու ջանքերուն շարունակութեան նկատմամբ հասարակաց հետաքրքրութիւնը:

Անոնց օրակարգին վրայ եղած է նաեւ ուժանիւթի հարցերուն շուրջ Պաղտատն ու Էրպիլը հասարակ յայտարար գտնելու քաջալերելը: Օպամա շնորհակալութիւն յայտնած է Էրտողանին` Կիպրոսի հարցին մէջ իր ունեցած դրական դերակատարութեան համար:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES