Իրան Եւ Բրիտանիա Վերականգնած Են Դիւանագիտական Յարաբերութիւնները

13921202000207_PhotoIՌուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով իրանեան լրատուամիջոցներուն, որոնք իրենց կարգին կը մէջբերեն Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարարի խօսքը, կը հաղորդէ, որ Թեհրան եւ Լոնտոն վերականգնած են իրենց դիւանագիտական յարաբերութիւնները գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատարներու մակարդակով:

«Այս օրուընէ սկսեալ, Իրանը եւ Բրիտանիան վերականգնած են դիւանագիտական յարաբերութիւնները գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատարներու մակարդակով, մնայուն կերպով չեն բնակիր երկու երկիրներու տարածքին մէջ», ընդգծած է դիւանագէտը:

Ըստ Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարարին, Թեհրանի եւ Լոնտոնի մէջ դեսպանութիւններու ճակատին բարձրացուած են երկու երկիրներու դրօշները:

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաստատած է, որ Իրանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները վերականգնուած են:

Բրիտանիա Թեհրանի մէջ իր դեսպանատունը փակած էր 2011-ին, երբ իրանցի ցուցարարներ յարձակում գործած էին անոր վրայ: Թեհրանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանատան փակումէն ետք դադրեցուած էր նաեւ Լոնտոնի մէջ Իրանի դեսպանատան աշխատանքը:

 

Share this Article
CATEGORIES