Էրտողան Արտաքին Ապահովութեան Հարցով Ժողովի Մը Հրաւիրած Է
«Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ կառավարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներ եւ բանակէն պաշտօնատարներ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի գլխաւորութեամբ արտաքին ապահովութեան յատկացուած ժողով մը գումարած են` քննարկելու համար վատթարացող կացութիւնը Սուրիոյ մէջ, ուր Քայիտայի հետ կապ ունեցող խմբաւորումներ մասնաւորաբար Թուրքիոյ սահմանակից հիւսիսային շրջաններուն մէջ վերահսկողութիւն կը հաստատեն:
Ժողովը նաեւ կեդրոնացաւ Սուրիոյ առնչուած ահաբեկչական հարցերուն վրայ: Երեք ժամ տեւած ժողովին մասնակցած են Թուրքիոյ բանակի սպայակոյտի պետ Նեժտեթ Էօզել, փոխվարչապետ Պեշիր Աթալայ, արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու, ներքին գործոց նախարար Աւաքան Ալա, պաշտպանութեան նախարար Իսմեթ Եըլմազ, վարչապետի խորհրդական Ֆախրի Քասարքա եւ ՄԻԹ-ի ղեկավար Հաքան Ֆիտան:
Թուրքիոյ կառավարութիւնը նաեւ թրքական գաղտնի սպասարկութեան` ՄԻԹ-ի լիազօրութիւնները ընդլայնելու օրինագիծ մը ներկայացուց խորհրդարանին: Ըստ օրինագիծին, ՄԻԹ արտաքին ապահովութեան, ահաբեկչութեան դէմ պայքարի եւ ազգային անվտանգութեան շուրջ նախարարաց խորհուրդին կողմէ իրեն վստահուած ամէն տեսակի պարտականութիւններ պիտի կատարէ եւ վարչապետի անմիջական հսկողութեան տակ պիտի գործէ:

