Եանուքովիչ Կանխահաս Ընտրութեանց, Ազգային Միութեան Կառավարութեան Կազմութեան Եւ 2004-ի Սահմանադրութեան Վերադառնալուն Կը Համաձայնի
Ուքրանիոյ նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչ տագնապին վերջ տալու համար համաձայն գտնուեցաւ տարուան աւարտէն առաջ նախագահական կանխահաս ընտրութիւններ կատարելու: Ան նաեւ համաձայն գտնուեցաւ ազգային միութեան կառավարութեան կազմութեան, ինչպէս նաեւ սահմանադրական բարեփոխումներ կատարելու` սահմանափակելով նախագահին իրաւասութիւնները:
Համաձայնութեան գոյացման համար միջնորդութիւն կատարեցին Գերմանիոյ եւ Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարարները: Վերջինս «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց, որ «բոլոր կողմերը պէտք է ի մտի ունենան, որ փոխզիջումը կը նշանակէ 100 առ հարիւրէն նուազ ստանալ»:
Ըստ համաձայնութեան, 2004-ի սահմանադրութիւնը 48 ժամէն պիտի վերահաստատուի եւ յառաջիկայ 10 օրուան ընթացքին ազգային միութեան կառավարութիւն պիտի կազմուի: Նախագահին, կառավարութեան եւ խորհրդարանին իշխանութիւնները հաւասարակշռող սահմանադրական բարեփոխումներու աշխատանքները պիտի սկսին անմիջապէս եւ մինչեւ սեպտեմբեր աւարտած ըլլան:
Յայտնենք, որ երէկ Ուքրանիոյ խորհրդարանը նաեւ օրէնք ընդունեց երկրին նախկին վարչապետը` Եուլիա Թիմոշենքոն ազատ արձակելու մասին:

