Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-թրքական յարաբերութիւնները:
ԹՐԻՓՈԼԻԻ մէջ երէկ բոլոր դպրոցներն ու համալսարանները, ինչպէս նաեւ վաճառատուները մնացին փակ` նկատի ունենալով նախանցեալ գիշեր արձանագրուած զինեալ բախումները:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի պիտի վերադառնայ Լիբանան, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի քաջալերանքով եւ Հըզպալլայի հետ համադրաբար:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Սիասա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ Հըզպալլայի հետ երկխօսութիւն կատարելը անիմաստ է` նկատի ունենալով, որ ան սուրիական արեան մէջ խեղդուած է:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ատնան Մանսուր կոչ ուղղեց շրջանային կամ միջազգային խորհրդաժողով մը գումարելու` ահաբեկչութեան դէմ պայքարի շրջագիծին մէջ փորձառութիւններ փոխանակելու նպատակով:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ֆրանսա կը զլանայ լիբանանեան բանակը տեսակարար զէնքերով եւ զինամթերքով օժտել:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Պիր Հասանի զոյգ պայթումները ուղղակիօրէն կապուած են Եապրուտի մէջ արձանագրուած իրադարձութիւններուն:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ապպաս Հաշեմ շեշտեց, որ կառավարութեան առաջնահերթութիւնը պիտի ըլլայ Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանումը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ Հըզպալլայէն պահանջեց Սուրիայէն նահանջել, որպէսզի Լիբանանի մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս շեշտեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը կառավարութեան նուազագոյն պարտականութիւններէն է:
ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի շեշտեց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը մշակելու իմաստով իրենք տագնապի մը դիմաց չեն գտնուիր, այլ` Դիմադրութեան փշոտ հարցին դէմ յանդիման եկած են:
ՄԱՐՈՆԻ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոս բարձր գնահատեց նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կեցուածքը` հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու առումով:

