Զօր. Քահուաժի – Զօր. Սերրա Հանդիպում

kahwaji_serraԲանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրան, որուն հետ քննարկեց սահմանային իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Միւս կողմէ, զօր. Քահուաժի բանակին կարիքներուն մասին հանդիպումի մը ընթացքին շեշտեց, որ բանակին կարիքները կը բխին Լիբանանի դիմագրաւած այսօրուան մարտահրաւէրներէն, յատկապէս նկատի ունենալով, որ ահաբեկչութիւնը սկսած է ամբողջ աշխարհին վտանգ սպառնալ:

Զօր. Քահուաժի ընդգծեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը կը ծառայէ ամբողջ շրջանին ապահովական կայունութեան, «իսկ լիբանանեան բանակին ուժը կը ծառայէ երկրին կայունութեան հաստատումին», աւելցուց ան:

Բանակի ընդհանուր հրամանատարը յայտնեց, որ վերջին քանի մը օրերը բարձրացուցած են բանակին զինուորական եւ գաղտնի սպասարկութեան գործունէութեան մակարդակը` նկատի ունենալով անոր բացայայտած ահաբեկչական ցանցերը, ամէնէն վտանգաւոր յանցագործներուն ձերբակալումն ու անձնասպանական շարք մը գործողութիւններու ձախողեցումը:

Share this Article
CATEGORIES