Ժեմայէլ Ընդունեց Ապատին

gemayel-abadiՓաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին Ժեմայէլ հաստատեց, որ այս հանգրուանին անհրաժեշտ է ամրապնդել լիբանանեան պետութեան հաստատութիւնները` նկատի ունենալով վարչակարգային առումով շրջանին ապրած ցնցիչ իրադարձութիւնները:

Իր կարգին, Ապատի ընդգծեց, որ կայ ընդհանուր տպաւորութիւն մը, թէ Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ բանակցութիւնները դրական յառաջընթաց մը կ՛արձանագրեն:

Ապատի ողջունեց Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութիւնը եւ մաղթեց, որ նոր կառավարութեան աշխատանքը արգելակող խոչընդոտներ գոյութիւն չունենան:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )