Արթիւր Նազարեան Պաշտօնապէս Ստանձնեց Ուժանիւթի Եւ Ջուրի Հարցերու Նախարարութիւնը

Նախարարներ Նազարեան եւ Պասիլ
Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան մէջ երէկ առաւօտեան ժամը 10:00-ին տեղի ունեցաւ յանձնումի եւ ստանձնումի պաշտօնական արարողութիւնը` ներկայութեամբ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեանի եւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախկին նախարար (ներկայիս արտաքին գործոց նախարար) Ժըպրան Պասիլի, ինչպէս նաեւ նախարարութեան պաշտօնէութեան:
Պաշտօնական արարողութեան ընթացքին Պասիլ յայտնեց, որ ինք մնայուն կերպով ներկայութիւն է նախարարութեան մէջ իր դաշնակիցներուն ընդմէջէն եւ պիտի վերադառնայ նախարարութեան:
Ան շեշտեց, որ իրենք մնայուն կերպով պիտի գործակցին ի խնդիր նախարարութեան աշխատանքներուն, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց նախարարութեան ընդհանուր տնօրէններուն, խորհրդատուներուն եւ պաշտօնէութեան:
Իր կարգին, Արթիւր Նազարեան լիբանանեան քաղաքական ուժերուն կոչ ուղղեց գործակցելու, որպէսզի կառավարութեան աշխատանքը հեզասահ ընթանայ:
Ա. Նազարեան շեշտեց, որ Ժըպրան Պասիլ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան մէջ, յատկապէս քարիւղի եւ բնական կազի հանքերու պեղման թղթածրարին առումով լուրջ վաստակ ունի:
«Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը զգայուն նախարարութիւն մըն է, որ լուսարձակի տակ կը գտնուի լիբանանեան բոլոր շրջաններուն եւ բոլոր լիբանանցիներուն կողմէ՛ նկատի ունենալով, որ թէ՛ ջուրը եւ թէ՛ ելեկտրականութիւնը կենսական են եւ առանց անոնց տնտեսական անիւը կարելի չէ բանեցնել: Երկրին տնտեսութիւնը կ՛ապրի վատ վիճակ մը, ինչ որ կարելի պիտի չըլլայ բարելաւել, բացի եթէ բոլորս համախմբուինք երկրին շուրջ», ըսաւ ան:
Նախարարներուն կատարած յայտարարութիւններէն ետք նախարարութեան խորհրդատուները նախարարներ Նազարեանի եւ Պասիլի յանձնեցին յուշանուէրներ:
Յանձնումի եւ ստանձնումի արարողութենէն ետք տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում եւ հիւրասիրութիւն:

