«Ալպանիոյ Նախագահը Կ՛ողջունէ Լիբանանի Հետ Յարաբերութիւններու Ամրապնդումը» Շեշտեց Պըրրի

Պըրրի եւ Նիշանի
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ալպանիոյ նախագահ Պուճար Նիշանիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը եւ շրջանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-ալպանական յարաբերութիւնները, յատկապէս կառավարական եւ ներդրումային իմաստով:
Հանդիպումէն ետք Պըրրի շեշտեց, որ Նիշանի կ՛ողջունէ Լիբանանի հետ յարաբերութիւններուն ամրապնդումը, ինչպէս նաեւ կը քաջալերէ ալպանացիներուն կողմէ կատարուելիք ներդրումները` լիբանանեան տարբեր մարզերուն մէջ:
Պըրրի նշեց, որ Նիշանի շեշտած է, թէ Լիբանան եւ Ալպանիա նոյն պատմութիւնը կը բաժնեն:
Նշենք, որ Պըրրի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Ալպանիոյ վարչապետ Էտի Ռամայի հետ, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:
CATEGORIES Լիբանանեան