Նախագահ Սլէյման Ռիֆիի Եւ Հաքիմի Հետ Քննարկեց Արդարութեան Եւ Տնտեսութեան Նախարարութիւններուն Վերաբերող Հարցեր

Նախագահ Սլէյման եւ Ռիֆի

Նախագահ Սլէյման եւ Ռիֆի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ յաջորդաբար ընդունեց արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆին եւ տնտեսութեան ու առեւտուրի նախարար Ալեն Հաքիմը, որոնց հետ քննարկեց նախարարութիւններուն վերաբերող հարցերը:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ: Քննարկուեցան երկրին ելեւմտական թղթածրարները, յատկապէս կառավարութեան կազմութեան լոյսին տակ:

Պաապտայի այցելուներէն եղաւ նաեւ Խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Էլիաս Աուն:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան սենտիքայական հարցեր:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )