ՄԻՔԱԹԻ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ ԿԸ ԳՏՆԷ ԹՐԻՓՈԼԻԻ ԱՊԱԶԻՆՈՒՄԸ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի անցեալ շաբաթավերջին ընդունեց Թրիփոլիի երեսփոխանները, որոնց հետ քննարկեց Թրիփոլին ապազինելու անհրաժեշտութիւնը:
Այս ծիրին մէջ, վարչապետարան այցելեցին երեսփոխաններ Սամիր Ժսըր, Մոհամետ Քապպարա, Պատր Ուաննուս եւ Սամեր Սաատէ: Հանդիպումին ընթացքին վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ ապահովական օրինական կառոյցներուն հաստատած ապահովական կայունութեան ներքեւ Թրիփոլիի մէջ գոյութիւն ունեցող զէնքը էական ոչ մէկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ:
Վարչապետը հաստատեց, որ Թրիփոլի արժանի է ապահովութեան` աւելցնելով, որ Թրիփոլիի մէջ տեղի ունեցած արիւնալի բախումները բոլորին համար վտանգի փողեր հնչեցուցին եւ բոլոր կողմերը մղեցին պահանջելու` Թրիփոլիի ապազինումը:
Վարչապետը ընդգծեց նաեւ, որ Թրիփոլիի ապազինումը պէտք է կատարուի օրինական միջոցներով եւ բոլոր բնակիչներուն կամքով, «իսկ շրջանի մը մէջ կայունութիւն հաստատելու որեւէ փորձ պէտք է անպայման առնչուած ըլլայ տուեալ շրջանին մէջ բարգաւաճման ծրագիրներու գործադրութեան», ըսաւ ան:
Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Ժսըր յայտնեց, որ պատուիրակութիւնը վարչապետին հետ քննարկած է Թրիփոլիի իրադարձութիւնները: Ան շեշտեց Թրիփոլին ապազինելու անհրաժեշտութիւնը` դիտել տալով, որ կարելի է օգտուիլ Թաէֆի համաձայնագիրէն ետք լիբանանեան զանազան շրջանները ապազինելու փորձառութենէն:
Ժսըր ընդգծեց նաեւ, որ հետեւանքները լուծելով կարելի չէ բաւարարուիլ եւ կոչ ուղղեց լուծելու նաեւ այն պատճառները, որոնց իբրեւ հետեւանք շրջանին մէջ տարածուած է զէնքն ու զինամթերքը: Ան նշեց, որ Ժապալ Մըհսենի եւ Պապ Թըպպանէի միջեւ վէրքը շատ հին է եւ ապազինումին կողքին պէտք է շարունակել հաշտեցման նախաձեռնութիւններն ու հատուցումները:
Իր կարգին, երեսփոխան Քապպարա կոչ ուղղեց հետաքննութիւն բանալու եւ բացայայտելու Թրիփոլիի վերջին միջադէպը պատճառող կողմերը:
Միւս կողմէ, «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հաստատեց, որ մեծ յոյս ունի կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը
կառավարութեան սեղանին վրայ տեսնելշուտով` նախարարական յանձնախումբին
կողմէ քննարկումներու աւարտէն ետք: Անոր համաձայն, արդէն մեծ աշխատանքի
ձեռնարկուած էր այս իմաստով, որպէսզի ժողովուրդը զգայ, թէ իր մասին մտածող եւ իր
շահերը հետապնդող կայ: Վարչապետը դիտել տուաւ, որ կառավարութիւնը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ, որպէսզի ամառը խաղաղ ու ապահով ըլլայ:
Ան դիտել տուաւ, որ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան գծով ստեղծուած Միջազգային դատական ատեանին առնչութեամբ աշխատանքը տակաւին ընթացքի մէջ է: Վարչապետը հաստատեց, որ բոլոր պարագաներուն Լիբանան չի կրնար Միջազգային դատական ատեանին կազմութիւնը չեղեալ նկատել, որովհետեւ անիկա միջազգային որոշում է, իսկ «մենք կը յարգենք միջազգային որոշումներն ու օրէնքները»: Անոր համաձայն, այդ դատարանին առնչութեամբ որեւէ անհրաժեշտ որոշման պարագային անիկա պէտք է ըլլայ երկխօսութեան նիստերուն ընդմէջէն, որոնց կը մասնակցին լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերու ներկայացուցիչները:
Կառավարութեան կազմութեան վերաբերող հարցումի մը պատասխանելով` վարչապետ
Միքաթի հաստատեց, որ առաջին հանգրուանին ան դիմած էր Մարտի 14-ի քաղաքական ուժերուն, սակայն անոնք մերժեցին մասնակից դառնալ:
Վարչապետը դիտել տուաւ, որ երբ նկատելի դարձաւ, որ կացութիւնը կը վատթարանայ,
կառավարութեան կազմութիւնը անհրաժեշտութիւն դարձաւ, ուստի բոլոր պարագաներուն պէտք էր կազմուէր կառավարութիւն մը:
Հաստատելով, որ փողոցային զէնքը անպայման պէտք է վերցուի, այլապէս անապահովութիւնը տիրական կը դառնայ, Միքաթի շեշտեց, որ ընդդիմութիւնը Իսրայէլի դէմ կանգնած ուժն է, որ մեծ դերակատարութիւն ունեցաւ լիբանանեան բռնագրաւեալ հողերու ազատագրման իմաստով: