50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 28 ՅՈՒՆԻՍ 1961 )

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ

ՎԱԶԳԷՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՓՐԱԿԱՅԻ ՄԷՋ

 

ԱՆՁԱՄԲ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Փարիզի մեր պաշտօնակից «Յառաջ»ի մէջ կը կարդանք.-

Ամենայն հայոց կաթողիկոսը` Վազգէն Ա. անձամբ մասնակցեցաւ քրիստոնէական եկեղեցիներու համագումարին, «Խաղաղութեան նուիրուած», որ բացուեցաւ յունիս 13-ին, Փրակայի մէջ:

Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Սահակ արք. Տէր Յովհաննէսեան, Վահան Վարդապետ Տէրեան, Ռուբէն քահանայ Մարտիրոսեան եւ էջմիածին ամսագիրի խմբագիր Ա. Հատիտեան:

Մոսկուայէն մեկնելէ առաջ, Վեհափառը տեսակցութիւն մը շնորհեց ԹԱՍՍի թղթակցին եւ ի մէջ այլոց յայտարարեց.

– «Ներկայիս խաղաղութիւնը այնքան կենսական կարեւորութիւն ունի, որ բոլոր մարդիկը եւ երկրի վրայ գոյութիւն ունեցող բոլոր կազմակերպութիւնները, ներառեալ կրօնական կազմակերպութիւնները, պէտք է զբաղին զայն պահպանելու խնդրով: Ասիկա մասնաւորապէս կը վերաբերի քրիստոնէական եկեղեցիներուն, որովհետեւ նոյնինքն քրիստոնէութիւնը խաղաղութեան եւ սիրոյ վարդապետութիւնն է»:

Կաթողիկոսը վստահութիւն յայտնեց, թէ Փրակայի քրիստոնէական ժողովը, որ «Խաղաղութեան դատը պաշտպանելու նպատակով հրաւիրուած առաջին քրիստոնէական ժողովն է պատմութեան մէջ», քրիստոնէական գաղափարներու արտայայտութեան կեդրոնը պիտի ըլլայ` յանուն խաղաղութեան պաշտպանութեան եւ յանուն ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութեան ամրապնդման:

ԿԻՊՐԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ

Կիպրոսի մեր թղթակիցը կը գրէ.-

Չորեքշաբթի, 21 յունիս, Սաքատոնիթիսայի կեդրոնին մէջ շքեղ ճաշկերոյթ մը տրուեցաւ ի պատիւ ընկ. Կարապետ Գալֆայեանի` իր մեկնումին առիթով:

Ճաշկերոյթը որուն կազմակերպութիւնը ստանձնած էր տեղւոյս Ազգային ճակատը, մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց: Ներկայ էին աւելի քան 300 հոգի Նիկոսիայէն եւ այլ վայրերէ, որոնց կարգին Ազգային իշխանութեան եւ զանազան կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ:

Օրուան սեղանապետութիւնը ստանձնած էր  Յակոբ Փալամուտեան: Խօսք առին պարոններ Ա. Մահտէսեան եւ Ս. Գապարաճեան:

Ճաշկերոյթը ունեցաւ նաեւ գեղարուեստական բաժին: Սիրուած երգչուհի Անգինէ Մուրատեան իր մեներգներով խանդավառութիւնը իր գագաթնակէտին հասցուց:

Կարապետ Գալֆայեան ուրբաթ գիշեր կը մեկնի Լիբանան, ուր քանի մը օր մնալէ ետք պիտի անցնի Յունաստան: Կիպրահայութիւնը այս վերջին քանի մը շաբաթներու ընթացքին անմոռանալի օրեր ապրեցաւ:

ԹՈՐԳՈՄԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ
ՀԱՆԴԷՍԸ ԵՒ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐԸ

Հայաշէնի Ազգային Թորգոմեան վարժարանի մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 22 յունիսի, երեկոյեան, վարժարանի պասքեթպոլի դաշտին վրայ:

Ժամը 7:30-ին վարժարանի բազմամեայ տնօրէն Խորէն Մղտեսեան բացուած յայտարարեց եւ գործադրութեան դրաւ խնամուած յայտագիրը  ապա կարդաց վարժարանին 1960-1961 տարեշրջանի նիւթական եւ բարոյական տեղեկագիրը, ուր յստակ կերպով կը յայտնուէր որ համեստ միջոցներով կարելի եղած էր օգտակար գործ կատարել: Ապա յայտնեց, որ նախկին աւարտականներուն վրայ այս տարի 14 հոգի աւելնալով, աւարտականներու ընդհանուր թիւը կ՛ըլլայ 183, որոնցմէ 16-ը կրցած են իրենց ուսումը շարունակել եւ ստանալ երկրորդական վարժարանի վկայական, իսկ աշակերտուհի մը այս տարի կ՛աւարտէ համալսարան:

Հանդիսութեան աւելի մտերիմ բնոյթ տալու համար կատարուեցաւ հիւրասիրութիւն եւ վիճակահանութիւն: 30 անձեր բախտաւորուեցան աշակերտ-աշակերտուհիներու կողմէ պատրաստուած ձեռական աշխատանքներով:

Խօսք տրուեցաւ նախկին թաղականութեան ատենապետ Սուրէն Գարաքէլլէեանի. ան մաղթեց, որ նորընտիր թաղականութիւնը առաւել չափով նպաստէ եկեղեցիի եւ դպրոցի վերելքին:

Ընկեր-ընկերուհիներուն անունով հրաժեշտի ուղերձ մը կարդաց Ազնիւ Եսայեան: Վահան քհնյ. Ղազարեան խօսեցաւ եկեղեցւոյ եւ դպրոցի դերին ու կարեւորութեան մասին:

Մանկապարտէզի շրջանը աւարտեցին 22, իսկ նախակրթարանի շրջանը 14 աշակերտներ, որոնց անունները կու տանք ստորեւ.- Օհանեան Երան, Գազէզեան Մարի, Կէօզիւպէյիւքեան Այտա, Եսայեան Ազնիւ, Պահատուրեան Անգինէ, Աճէմեան Վարդուհի, Տէր Թորոսեան Վերժին, Մղտեսեան Մարգրիտ, Միւրտէսէմճեան Գէորգ, Փեհլիվանեան Աւետիս, Գարբուզեան Յակոբ, Յակոբեան Սարգիս, Տէր Թորոսեան Վարուժան, Մխճեան Հայկ:

Աւարտականները գնահատելով իրենց ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու աշխատանքն ու հոգածութիւնը իրենց նկատմամբ ճերմակ ծաղիկներով կազմուած փունջ մը նուիրեցին ուսուցչական կազմին յայտնելով իրենց շնորհակալութիւնը:

ԹՂԹԱԿԻՑ

Share this Article
CATEGORIES