24 Փետրուարին Սարգսեան Եւ Մետվետեւ Պիտի Հանդիպին Սոչիի Մէջ
Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան 24 փետրուարին Սոչիի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւի հետ: «Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Տիգրան Սարգսեան եւ Տմիթրի Մետվետեւ պիտի քննարկեն երկկողմանի առեւտրական-տնտեսական եւ ներդրումային մարզերուն մէջ երկկողմանի համագործակցութեան արդիական հարցեր` ներառեալ ուժանիւթի, արդիւնաբերական եւ ենթակառոյցներու մարզերու միացեալ ծրագիրները:
Կը ծրագրուի քննարկել նաեւ Եւրասիական համարկումի հոլովոյթներուն մէջ Հայաստանի մասնակցութեան հարցը:
CATEGORIES Հայկական

