Քալիֆորնիոյ Խորհրդարանի Նախագահը Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Կոչ Կ՛ուղղէ

John-Perez-hs-300x287 Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի նախագահ Ճոն Փերեզ հինգշաբթի, 20 փետրուարին ներկայացուց բանաձեւ մը, որ կը վերահաստատէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու Քալիֆորնիոյ հաստատակամ դիրքորոշումը:

Թիւ 35 բանաձեւը նաեւ կոչ կ՛ուղղէ Թուրքիոյ, Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին եւ նախագահ Պարաք Օպամային, որ հետեւելով Քալիֆորնիոյ օրինակին` յստակօրէն ճանչնան Ցեղասպանութիւնը:

Բանաձեւը 20-26 ապրիլի շաբաթը կը կոչէ «1915-1923-ի Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման շաբաթ Քալիֆորնիոյ մէջ»:

Share this Article
CATEGORIES