Յայտարարութիւն
Չորեքշաբթի, 19 փետրուար 2014-ի առաւօտեան, Լիբանանի թեմի քահանայից դասը համախմբուեցաւ Ազգային առաջնորդարան` ընտրելու համար Ազգային երեսփոխանական ժողովի յառաջիկայ չորս տարիներուն համար եկեղեցական 6 անդամներ:
Ընտրութիւնը կատարուեցաւ նախագահութեամբ թեմիս առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ եպս. Փանոսեանի:
Հոգեւորական Ազգային երեսփոխան ընտրուեցան`
Արժ. Տ. Յարութիւն Ա. քհնյ. Կոստանեան
Արժ. Տ. Խաչիկ Ա. Քհնյ. Միսիրեան
Արժ. Տ. Մեսրոպ քհնյ. Քերքեզեան
Արժ. Տ. Մկրտիչ Քհնյ. Քէշիշեան
Արժ. Տ. Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան
Արժ. Տ. Սիմէոն քհնյ. Կարապետեան
Ընտրութեան աւարտին, առաջնորդ սրբազան հայրը շնորհաւորեց նորընտիր քահանայ հայրերը` մաղթելով արդիւնաւէտ գործունէութիւն եւ ծառայութիւն:
CATEGORIES Գաղութային

