Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Թատամոն – ՀՄԸՄ. Ռիատիի Առաջին Պարտութիւնը

Ամշիթ - Ռիատի մրցումէն PROFOTO

Ամշիթ – Ռիատի մրցումէն
PROFOTO

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումները կ՛աւարտին այսօր, երբ տեղի կ՛ունենայ Թատամոն – ՀՄԸՄ մրցումը, Ղազիրի դաշտին վրայ, երեկոյեան ժամը 17:00-ին:

Նշենք, որ վաղը կը սկսի 7-րդ հանգրուանը` երկու մրցումով:

Այսօրուան մրցումին նախօրեակին, Թատամոն արձանագրած է երկու յաղթանակ եւ կրած երեք պարտութիւն, մինչ ՀՄԸՄ արձանագրած է յաղթանակ մը եւ կրած չորս պարտութիւն:

ՀՄԸՄ-ի տղոց ներկայացուցչական կազմէն կ՛ակնկալուի ամէն գնով այսօր յաղթանակ մը արձանագրել հիւրընկալ կազմին դէմ` կիրարկելով խմբային խաղաոճ մը եւ կէտեր նշանակելու առիթները առաւելագոյն ձեւով օգտագործելով:

Նշենք, որ մրցումը ուղղակիօրէն պիտի պատկերասփռուի «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանէն:

Ինչ կը վերաբերի երէկ երեկոյեան տեղի ունեցած Ամշիթ – Ռիատի մրցումին, անիկա աւարտեցաւ Ամշիթի յաղթանակով` 75-73 արդիւնքով:

Այսպիսով, Ռիատի կրեց տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը: Ամշիթէն Ժերեմիա Մէսէյ նշանակեց 27 կէտ, իսկ Ռիատիէն Լորէն Վուտծ` 24 կէտ:

Ստորեւ կու տանք 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը.

ԿԻՐԱԿԻ, 23 ՓԵՏՐՈՒԱՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Պիպլոս – Սաժես 17:00 Պիպլոս
Մութթահետ – Շանվիլ 17:00 Թրիփոլի
 

ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, 24 ՓԵՏՐՈՒԱՐ

   
Պըժժէ – Թատամոն 19:00 Սանթրալ
Ռիատի – Հուփս 19:00 Ռիատի
 

ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, 25 ՓԵՏՐՈՒԱՐ

   
ՀՄԸՄ – Ամշիթ 19:00 Աղբալեան

 

Share this Article
CATEGORIES