50 Տարի Առաջ (24 Փետրուար 1964)
Հայկական Կեանք
Արտաւազդ Եպիսկոպոս Աթէնքի Մէջ
Աթէնքի մեր պաշտօնակից «Ազատ Օր»-ի մէջ (18 փետրուար) կը կարդանք.-
Քանի մը օրէ ի վեր հիւրաբար Աթէնք կը գտնուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններէն նորօծ Արտաւազդ եպս. Թրթռեան, որուն ներկայութիւնը առաջին մէկ վայրկեանէն իսկ խանդավառութեան ալիք մը ստեղծեց Աթէնքի եւ թաղերու հայ հաւատացեալներուն մօտ:
Սրբազան հայրը գոհացում տալով եղած դիմումներուն` հինգշաբթի մասնակցեցաւ Ֆիքսի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ Տեառնընդառաջի արարողութեան: Նոյնպէս շաբաթ օր, ներկայ եղաւ Քոքինիոյ, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ նախատօնակի արարողութեան, որուն կը նախագահէր յունահայոց առաջնորդ Սահակ արքեպիսկոպոս: Արտաւազդ սրբազան յուզիչ արարողութեամբ մը կատարեց ինը դպիրներու ձեռնադրութիւնը, ապա խոր լռութեան մէջ սրբազան հայրը կատարեց ուրարի տուչութիւնը Յարութիւն Սարաճեանի եւ Յովսէփ Այվազեանի, որոնք տարիներէ ի վեր սրտով ու հոգիով նուիրուած են Հայ առաքելական Ս. եկեղեցւոյ: Այս առիթով սրբազան հայրը գեղեցիկ խօսքերով դրուատեց հայ նոր սերունդի արժէքները եւ յոյս յայտնեց, որ այդ ոգին միշտ վառ պիտի մնայ:
Փետրուար 16-ին, կիրակի, Արտաւազդ եպիսկոպոս Ս. պատարագ մատոյց Քոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ: Հակառակ աննպաստ օդին` հաւատացեալներու խուռն բազմութիւն մը ներկայ էր: Սրբազան հայրը խօսեցաւ իմաստալից կուռ քարոզ մը:
Ուրախութեամբ կը լսենք, որ հիւր սրբազանը մօտ օրէն հրապարակային դասախօսութիւն մը պիտի տայ Հայ եկեղեցւոյ եւ անոր առաքելութեան մասին:
Ֆոն Գարայեան Յայտնեց Թէ Հայ Է
«Հայրենիք Ուիքլի» կը գրէ.-
Հերպըրթ Ֆոն Գարայեան հայ է. այս անգամ զրոյց չէ ասիկա, այլ հաստատում մը` նոյնինքն ղեկավարէն:
Ծանօթ հայ երգիչ մը, որ առ այժմ չ՛ուզեր յայտնել իր անունը, Միլանօ այցելեց այն օրերուն, երբ տեղւոյն վրայ հայ գաղութը ընդունելութիւն մը սարքած էր ի պատիւ Գարայեանի:
Յիշեալ երգիչն ալ ներկայ եղաւ այս ընդունելութեան, որուն հրաւիրուած էր 100 հոգի, եւ Ֆոն Գարայեանի բերնէն լսեց, թէ իր նախահայրերը հայ էին:
Այսպէս, Ֆոն Գարայեան անձամբ յայտարարած է, թէ հայկական ծագում ունի, մինչդեռ քանի մը տարի առաջ մերժած էր այս պարագան Վիեննայի մէջ:
Կ՛երեւի Ֆոն Գարայեան այժմ իր հայկական ծագումը խոստովանելու ժամանակը հասած կը նկատէ:
Կը պատմուի, թէ նացիական գրաւման շրջանին Ֆոն Գարայեան Կեսթափոյի կողմէ հարցաքննուած էր իր ծագումին շուրջ: Այն ատեն նշանաւոր ղեկավարը հետապնդումէ փրկուած էր` յայտնելով, թէ ծնողները հայ էին: Հիմա երեւան կ՛ելլէ, թէ Ֆոն Գարայեան ճշմարտութիւնը յայտնած էր Կեսթափոյին:
Կ՛ըսուի, թէ Գարայեան ընտանիքը Հայաստանէն Աւստրիա գաղթած է Յունաստանի ճամբով:
Երանշ. Զարեհ Ա. Կաթողիկոսին
Տարելիցը Հալէպի Մէջ
Փետրուար 16, կիրակի, Հալէպի եւ շրջաններուն մէջ հոգեհանգիստ տեղի ունեցաւ հանգուցեալ Զարեհ կաթողիկոսի մահուան առաջին տարելիցին առիթով:
Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ եկեղեցական արարողութիւններուն նախագահեց Բերիոյ թեմին առաջնորդ Ղեւոնդ արքեպիսկոպոս: Սրբազան հայրը շատ զգացուած քարոզեց մատնանշելով վեհին նկարագրին ցայտուն կէտերը իբրեւ հաւատքի մարդ, ուղղամիտ եւ վստահելի հոգեւորական, խանդավառ` եկեղեցիով, դպրոցով եւ երիտասարդական կազմակերպութիւններով, ու բարութեան մարմնացում: Ապա տեղի ունեցաւ յուզիչ հոգեհանգիստ մը:
Եկեղեցական արարողութիւններէն ետք սրբազան հայրը առաջնորդարանի սրահին մէջ ընդունեց ցաւակցութիւնները պաշտօնական մարմիններուն եւ ժողովուրդին:
Առաջնորդ սրբազան հօր կարգադրութեամբ, նոյն օրը կէսօրէ ետք, ժամը 3:00-ին յիշատակի հանդէս մը տեղի ունեցաւ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ. ներկայ էին քահանայական դասը, ժողովականները եւ հոծ բազմութիւն մը:
Հանդէսը բացուեցաւ «Տէր կեցո» մաղթերգով: Ատոմ քհնյ. Քեհեայեան կարդաց վեհափառին խօսքը Աստուծոյ եւ ժողովրդեան: Արամ Փանոսեան արտասանեց «Իմ մահը», Սարգիս Սարգիսեան եւ Յարութիւն Կենտիմեան երգեցին «Հայրիկ, հայրիկ, քո հայրենիք» ու «Եթէ զիս տանիս դէպի Յորդանան», Զարմայր քհնյ. Հինտոյեան իր խօսքով պատկերացուց կաթողիկոսին կեանքն ու գործերը: Քարէն Եփփէ Ճեմարանի ուսանող Վազգէն Ալեքսանեան կարդաց խնամուած ուղերձ մը: Դպրաց դասը երգեց «Հայ ապրինք, եղբարք» եւ վեհին սիրած «Կիլիկիա» երգերը. ապա սրբազան հայրը իր փակման խօսքով թելադրեց ժողովուրդին, որ լսեն վեհափառին սրտառուչ պատգամը` «Սիրեցէք զմիմիանս», եւ իրենց ուժերը կեդրոնացնեն ազգային արժէքներուն շուրջ:
Հանդէսը փակուեցաւ Տէրունական աղօթքով: Հոգեհանգիստը եւ յիշատակի հանդէսը խոր տպաւորութիւն ձգեցին հալէպահայութեան վրայ: Ժողովուրդը յուզումով խոնարհեցաւ իր սիրելի նախկին առաջնորդին յիշատակին առջեւ:
ԹՂԹԱԿԻՑ

